Հռոմի նորընտիր Ֆրանսիս պապը 2005 թուականին՝ Պուէնոս Այրեսի մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան 90ամեակին առիթով մէկուկէս միլիոն նահատակներու յիշատակին նուիրուած խաչքարի տեղադրման ատեն ըսած է, որ կը փափաքի թաղուիլ այդ յուշարձանին տակ։

Այս մասին գրած է Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Արժանթինի եւ Չիլիի թեմի առաջնորդ Գիսակ արք. Մուրադեանը՝ «Մեր բարեկամ պապը» խորագիրով յօդուածին մէջ բացայայտելով արժանթինցի Խորխէ Մարիօ Պերկոլիոյի ելոյթի մանրամասնութիւնները: «Հռոմէական կաթողիկէ եկեղեցու նորընտիր Սրբազան պապը մեր բարեկամն է՝ անձնապէս իմ, Պուէնոս Այրեսի հայ համայնքի եւ ընդհանրապէս հայ ժողովուրդի: Իմ ծանօթութիւնը նորընտիր պապի հետ սկսուել է 2005 թուականից, երբ նշում էինք Հայոց Ցեղասպանութեան 90ամեակը եւ այդ առիթով Պուէնոս Այրեսի մայր տաճարի մէջ զետեղեցինք Հայաստանից բերուած մի խաչքար: Պապը այդ օր շեշտեց հայ եկեղեցւոյ Առաքելականութիւնը, Թադէոս եւ Բարդողիմէոս առաքեալներու շնորհիւ, իսկ խաչքարի բացումից յետոյ ասաց նաեւ, որ փափաքում է մի օր թաղուել այդ խաչքարի տակ: Տեղին է յիշեցնել, որ Մայր տաճարի ներսում թաղուած են Պուէնոս Այրեսի նախկին առաջնորդները»: