Ամերիկեան Washington Diplomat ամսաթերթը Ուաշինկթընի բոլոր, որոնց կարգին նաեւ Թուրքիոյ դեսպանութեան՝ առաքած է յիշարժան օրերու ցուցակ մը, ուր Ապրիլ 24-ի թուականը նշած է որպէս Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի օր: Այս մասին կը յայտնէ Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը:

Washington Diplomat-ը աւելի քան 120 հազար ընթերցող սպասարկող անկախ ամսաթերթ է, որը 17 տարուայ ընթացքին եղած է ԱՄՆ Ուաշինկթընի դաշնային շրջանի դիւանագիտական հանրութեան սպասարկող լրատուական ամսաթերթ:

Թերթը կը սպառի Ուաշինկթընի բոլոր օտար դեսպանութիւններու, Նիւ Եորքի ՄԱԿ-ի գրասենեակի, Համաշխարհային Դրամատան, Արժոյթի միջազգային հիմնադրամին, Սպիտակ տան, Փենթակոնի մօտ։