Ինչո՞ւ վրայ-վրայի այցելութիւններ կը տրուին Թուրքիա
Դեռ հազիւ մէկ ամիս առաջ Թուրքիա այցելած Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերին դարձեալ կը պատրաստուի մինչեւ այս շաբաթավերջ Թուրքիա ժամանել։
Անակնկալ այցելութեան նպատակը Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլուի հետ բանակցութիններ վարելն է։
Պոլսոյ մէջ այս Կիրակի օր նախատեսուած հանդիպման նախորդած էր Օպամայի միջնորդութեամբ Իսրայէլի կողմէ ներողութիւն խնդրելու քաղաքական ժեստը։ Քերիի այցելութեան կապակցութեամբ, կÿենթադրուի, որ պիտի քննարկուին Միջին Արեւելքի մէջ տիրող վիճակը, թուրք-իսրայէլեան յարաբերութիւնները, Սուրիոյ, Իրաքի եւ Կիպրոսի առնչուող հարցեր։
Ըստ թրքական մամուլի հաղորդումներուն, քննարկման նիւթ պիտի դառնայ նաեւ Մայիս 16ին Ուաշինկթընի մէջ նախատեսուած Օպամա-Էրտողան հանդիպումը:
Քաթրին Աշթոնի այցելութիւնը
Եւրոպական Միութեան արտաքին գործերու եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան գերագոյն յանձնակատար Քաթրին Աշթոն երէկ ժամանեց Անգարա, երկօրեայ այցելութեամբ, ուր նոյնպէս կը հանդիպի Ահմետ Տաւութօղլուի:
Օրակարգի նիւթերը կ'ընդգրկեն միջազգային եւ տարածաշրջանային հարցեր, նաեւ՝ թուրք-եւրոպական յարաբերութիւններու հարցեր: