Վենէզուէլայի կառավարական ընդդիմութիւնը «դաւադրական տեսութիւններ» կը համարէ Հիւկօ Չավէսի մահուան շուրջ հետազօտութիւնները

 Վենէզուէլայի առժամեայ նախագահ Նիքոլա Մանտուրօ յայտարարեց թէ պաշտօնական հետազօտութիւն կը կատարուի Հիւկօ Չավէսի մահուան դրդապատճռաները բացայայտելու գծով:

Ամբաստանութիւններ կատարուած են, ըստ որոնց նախկին նախագահը թունաւորումի զոհ դարձած էր արտասահմանի մէջ:

Կառավարութեան ընդդիմադիրները դիտել կուտան թէ «դաւադրական տեսութիւններ» են այսպիսի խօսքեր, որ կը համընկնին նախկին նախագահ Չավէսի մտածելակերպին, որ նպատակ կը հետապնդեն «իմպերիալիստական» վտանգներ տեսնել երկրի ընկերվարական սիսթեմին մէջ:

Վենէզուէլայի նոր նախագահի ընտրութիւնը տեղի պիտի ունենայ Ապրիլ 14ին: Նիքոլա Մանտուրօ, որ Հիւկօ Չավէսի անձնական ընտրութիւն կը կազմէր, թեկնածու պիտի ըլլայ նախագահական ընտրութիւններուն: