Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա օրեր առաջ յայտարարեց, որ Ուաշինկթըն շուտով Եւրոպական Միութեան հետ բանակցութիւններու պիտի սկսի՝ Անդրատլանտեան ազատ առեւտուրի գօտի ստեղծելու համար, որմէ ետք թրքական մամուլին մէջ տեղեկութիւն տարածուեցաւ,
ըստ որուն, Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան նամակ յղած է Օպամայի՝ կոչ ուղղելով Եւրոպական Միութեան հետ բանակցութիւններուն զուգահեռ բանակցութիւններ սկսելու Անգարայի հետ Թուրքիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ ազատ առեւտուրի համաձայնագիր կնքելու համար:
Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը եւ Ամերիկայի հելլենիստական ուսումնասիրութիւններու հիմնարկը միացեալ նամակ մը յղած են Միացեալ Նահանգներու առեւտուրի հարցերով ներկայացուցիչ Տիմիթրիոս Մարանթիսին՝ կոչ ուղղելով Թուրքիա-Միացեալ Նահանգներ առեւտուրի համաձայնագիր կնքելու դիմաց Անգարայի առջեւ նախապայման դնելու՝ դադրեցնելու Կիպրոսի ապօրինի բռնագրաւումը եւ Հայաստանի անօրինական շրջափակումը:
«20 Մարտ 2013-ին Սպիտակ տունը Քոնկրեսին տեղեկացուց, որ մտադիր է բանակցիլ Եւրոպական Միութեան հետ՝ Անդրատլանտեան ազատ առեւտուրի գօտի ստեղծելու համար: Այդ համաձայնագիրին միանալու եւ Միացեալ Նահանգներու հետ առանձին Ազատ առեւտուրի համաձայնագիր կնքելու Թուրքիոյ շահագրգռուածութիւնը մենք մտահոգիչ կը նկատենք: Մեր համայնքներուն անունով Պարաք Օպամայի վարչակազմին կոչ կ՛ուղղենք երաշխաւորելու, որ Թուրքիոյ Հանրապետութեան հետ առեւտրական որեւէ համաձայնագիր կնքելու ատեն իբրեւ օրինական ուժ ունեցող նախապայման Անգարայէն պէտք է պահանջել դադրեցնել Հայաստանի անօրինական տնտեսական շրջափակումն ու Կիպրոսի ապօրինի բռնագրաւումը», ըսուած է նամակին մէջ:
Հայ դատի յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեան եւ Ամերիկայի հելլենիստական ուսումնասիրութիւններու հիմնարկի տնօրէն Նիք Լարիկաքիս իրենց միացեալ նամակին մէջ ընդգծած են, որ Թուրքիոյ նման պետութեան հետ առեւտրական համաձայնագիր կնքելը չի բխիր Միացեալ Նահանգներու ժողովուրդի շահերէն:
«Մենք կ՛ողջունենք Միացեալ Նահանգներու ներդրումներու եւ առեւտուրի մարզին ընդլայնման ուղղուած ձեր այն նախաձեռնութիւնները, որոնք հիմնուած պիտի ըլլան օրէնքի գերակայութիւնը յարգելու եւ արդար մրցակցային դաշտ ապահովելու սկզբունքներուն վրայ: Թուրքիոյ պարագային, սակայն, ակնյայտ է, որ աջակցելով պետութեան մը, որ Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրը բռնագրաւելով եւ Հայաստանի հետ սահմանը փակելով մեծապէս վնաս կը հասցնէ համաշխարհային առեւտրական համակարգի ամբողջականութեան, Ուաշինկթըն չի նպաստեր մեր ազգային շահերուն, մեր ազգի բարեկեցութեան եւ մեր հիմնարար արժէքներու պահպանման…», նշուած է նամակին մէջ:
Արամ Համբարեան եւ Նիք Լարիկաքիս նաեւ նշած են, որ ուրախ պիտի ըլլան հանդիպելու Միացեալ Նահանգներու առեւտուրի ներկայացուցչութեան գրասենեակի աշխատակիցներուն հետ՝ խնդիրին առնչութեամբ առաւել մանրամասն քննարկումներ կատարելու համար: