ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան կազմակերպութեամբ, Ուրբաթ, 29 Մարտ 2013-ի առաւօտեան ժամը 9:30-ին, տեղի ունեցաւ ՀամաՀՄԸՄ-ական միջվարչական դիւաններու 8-րդ խորհրդաժողովի բացումը, Նիկոսիոյ «Սեմըլի» պանդոկին մէջ, Կիպրոս:

Խորհրդաժողովին մասնակցեցան ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան կողքին, ՀՄԸՄ-ի 7 շրջանային եւ 6 մեկուսի շրջաններէն 40 վարչական քոյրեր եւ եղբայրներ: Խորհրդաժողովին իր մասնակցութիւնը կը բերէր նաեւ Կեդրոնական վարչութեան գործավարութիւնը:

Խորհրդաժողովի մասնակիցներուն բարի գալուստ մաղթեց Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեան: Ապա, մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ ներկաները յարգեցին յիշատակը վերջին շրջանին մահացած բոլոր ՀՄԸՄ-ական քոյրերուն եւ եղբայրներուն: Խորհրդաժողովի մասնակիցներուն «Յառաջ նահատակ» քայլերգով սկիզբ առաւ խորհրդաժողովը, որ շարունակուեցաւ շրջաններուն կողմէ տեղեկագիրներու ներկայացումով: Կեդրոնական վարչութեան ատենադպիր Կարպիս Գապասագալեան ներկայացուց Կեդրոնական վարչութեան զեկուցագիրը:

Միջվարչական խորհրդաժողովի բոլոր մասնակիցները յուզումով ընկալեցին ՀՄԸՄ-ի Սուրիոյ Շրջանային վարչութեան փոխանցած սրտի խօսքը եւ իրենց եղբայրական զօրակցութիւնը յայտնեցին Սուրիոյ եւ ի մասնաւորի շրջափակուած Հալէպի բոլոր քոյրերուն եւ եղբայրներուն:

Խորհրդաժողովը երկու օրերուն ընթացքին քննեց շրջանները յուզող զանազան հարցեր, Յուլիս 2013-ին տեղի ունենալիք ՀամաՀՄԸՄ-ական 9-րդ մարզախաղերուն, ինչպէս նաեւ Ռազմավարական ծրագրաւորումի գործադրութեան հանգրուաններուն շուրջ հարցեր:

Խորհրդաժողովը աւարտեց իր աշխատանքները Կիրակի, 31 Մարտին։