ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Բերիոյ թեմի ազգային առաջնորդարանի բանբեր Ժիրայր Ռէյիսեան «Արմէնփրէս»ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնած է, որ նախորդ շաբթուան ընթացքին Հալէպի ծայրամասը գտնուող Շըրայէֆ շրջանէն, որ գործատեղիներու շրջան է, երկու հայեր առեւանգուած են։
Ռէյիսեան դիտել տուած է, որ առեւանգողները հայերը ազատ արձակելու համար փրկագին կը պահանջեն։ Ներկայիս այդ ուղղութեամբ աշխատանք կը տարուի։
Քաղաքին մէջ տիրող կացութեան անդրադառնալով՝ Ժ. Ռէյիսեան դիտել տուած է, որ արդէն վեցերորդ օրն ըլլալով Հալէպի մէջ ելեկտրականութիւնը գրեթէ ամբողջութեամբ ընդհատուած է, կայ նաեւ ջուրի ապահովման խնդիր։
Անոր համաձայն, վերջին օրերուն հայկական թաղամասերուն մէջ դէպքեր չեն արձանագրուած, սակայն բնակչութիւնը տակաւին անապահովութեան եւ անորոշութեան մէջ կ՛ապրի։ «Հակառակ այս բոլորին մարդիկ կը շարունակեն ապրիլ եւ գոյատեւել ստեղծուած դժուար պայմաններուն մէջ՝ ակնկալելով, որ դրական փոփոխութիւնները չեն ուշանար», դիտել տուած է Ռէյիսեան։
Անդրադառնալով նախապէս առեւանգուած հայերուն՝ բանբերը յայտնած է, որ անոնց մասին տակաւին տեղեկութիւն չկայ։