ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Երկուշաբթի, Մարտ 25ի առաւօտ, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին այցելեց ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչներէն   բաղկացած պատուիրակութիւն մը՝ առաջնորդութեամբ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեանի: Քննարկուեցան Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան եւ Հայկական Ցեղասպանութեան 100ամեակի նշման առընչուած շարք մը հարցեր: