«Էթնիկ հայերու համարկումը Վրաստանին պէտք է կատարուի վրացերէնի միջոցաւ»

Վրաստանի նախագահ Միխայիլ Սահակաշվիլի կարճատեւ այցելութիւն մը տուաւ Ախալքալաք։

Հոն ծանօթացաւ Ախալքալաքի մէջ կառուցուող երկաթագիծի կայանի աշխատանքներուն, յետոյ հանդիպեցաւ Ախալքալաքի թիւ 3 նորակառոյց վրացական դպրոցի աշակերտներուն եւ ուսուցիչներուն, որոնց ուղղելով իր խօսքը ըսաւ թէ «Վրաստանի մէջ էթնիկ (ազգային) փոքրամասնութիւնները յաջողութեան պէտք է հասնին վրացերէնի միջոցով: Այդ չի նշանակեր այլ մշակոյթի ստորադասում: Այստեղ՝ Ախալքալաքի  մէջ հայերէնը խնդիրներ ունի: Խորհրդային Միութեան ժամանակ այստեղ ռուսացում տեղի ունեցաւ: Այդ մարդոց համարկումը պէտք է իրականացնենք լեզուի միջոցով, համալսարաններուն մէջ անոր ուսուցմամբ, երկաթուղիով, որու հարցը ներկայիս կը   քննարկուի»- յայտարարեց Վրաստանի  նախագահը: Ան շեշտեց թէ ինք կը հաւատայ թէ երկրէն ներս բնակող հայերու համարկումը Վրաստանին պէտք է կատարուի վրացերէնի միջոցով, ոչ թէ վտանգաւոր նախաձեռնութիւններով: