ՀՀ կառավարութիւնը որոշած է ՀՀ 2013-ի պետական պիւտճէով նախատեսուած Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան պահեստային ֆոնտի հաշուին՝ Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան 2013-ի առաջին եռամսեակին յատկացնել 53.500.000 դրամ

(պիւտճէտային ծախսերու տնտեսագիտական դասակարգման “նուիրատւութիւններ այլ շահոյթ չհետապնդող կազմակերպութիւններուն” յօդուածով)` Վենետիկի Մխիթարեան Միաբանութեան ձեռագրատան եւ մատենադարանին մէջ պահուող հայկական ձեռագիր մատեաններու եւ հազուագիւտ, հնատիպ գիրքերու թուայնացման աշխատանքները իրականացնելու նպատակով՝ Վենետիկի Մխիթարեան Միաբանութեան կողմէ թուայնացնող հիմնական եւ օժանդակ սարքաւորումներ ձեռք բերելու համար: Այս մասին կը յայտնէ PanArmenian.net-ը:

ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան կառավարութեան նիստին յայտնած է, թէ յատկացուող միջոցները թոյլ պիտի տան թուայնացնելու Մխիթարեան մատենադարանին մէջ պահուող շուրջ 3000 ձեռագիրները, ձեռագրատան եւ գրադարանին մէջ պահուող աւելի քան 200.000 հնատիպ գիրքերը, ինչպէս նաեւ 1700-ական թուականներէն մինչեւ այսօր դիւանական փաստաթուղթերը: