Մ. ՆԱՀԱՆԳՆԵՐ
Քոլորատօ եւ Ուաշինկթըն նահանգներուն մէջ վաւերացուած մարիուանայի օգտագործումը օրինականացնող առաջադրութիւններուն հետեւանքով՝ կ՛ակընկալուի, որ թմրեցուցիչներու առեւտուրով զբաղող մեքսիքական ապօրինի խմբաւորումները տարեկան 1.4 միլիառ տոլար նուազ եկամուտ ունենան:
ԹՈՒՐՔԻԱ
Մարտ 19ին, Անգարան ցնցուեցաւ երկու պայթումներով, որոնցմէ առաջինը պատահեցաւ արդարադատութեան նախարարութեան շէնքին առջեւ, իսկ միւսը՝ իշխող կուսակցութեան գլխաւոր կեդրոնին մէջ՝ վիրաւորելով քաղաքացի մը։ Կը պնդուի, թէ յարձակումները կատարուած են իբրեւ բողոք քըրտական հարցով սկսած բանակցութիւններուն: