ԼՈՆՏՈՆ, «Ռոյթըրզ».- Չորեքշաբթի, Մարտ 20ին դարձեալ հաղորդուեցաւ, թէ քանի մը հրթիռներ ինկած են Սուրիոյ սահմանակից լիբանանեան շրջաններու վրայ՝ նիւթական վնասներ պատճառելով, մինչ Դամասկոս հերքեց Լիբանանի վրայ յարձակումներուն մասին տարածուած լուրերը:

Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը շեշտեց, որ այն երկիրներն ու պետութիւնները, որոնք Սուրիոյ դէմ թշնամանք սկսած են տածելու եւ այդ պատճառով ալ սկսած են ահաբեկչական խմբաւորումներ զինելու, ամէն ջանք ի գործ կը դնեն նման ապատեղեկատուութիւն կատարելու՝ անճիշդ լուրերով:

Դամասկոս շեշտեց, որ Սուրիա կտրականապէս կը մերժէ Լիբանանը ռմբակոծած ըլլալու մասին լուրերը եւ կը շեշտէ, որ կը յարգէ Լիբանանի գերիշխանութիւնը եւ յանձնառու է Լիբանանի կայունութեան պահպանման:

Նշենք, որ Լիբանանի նախագահը Երեքշաբթի օր յայտնած էր, թէ Լիբանանի գերիշխանութեան դէմ բոլոր ոտնձգութիւնները մերժելի են: Միւս կողմէ, Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ սուրիական ընդդիմութեան կողմէ քիմիական զէնքի օգտագործումը արտաքին միջամտութեան պատրուակ մը ստեղծելու նպատակով կատարուած է: Ռուսիա, իր կարգին յայտնեց, թէ «շատ լուրջ կերպով մտահոգ է այն բանով, որ զանգուածային քանդումի զէնքեր ըմբոստներուն ձեռքը կ՛անցնին» եւ նշեց, թէ այդ զէնքերու օգտագործումը Սուրիոյ մէջ «ճակատումը նոր մակարդակի կը բարձրացնէ»:

Սպիտակ տան բանբեր Ճէյ Քառնի յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներ քիմիական զէնքի օգտագործումը հաստատելու «որեւէ փաստ չունի»: Ան յիշեցուց նախագահ Պարաք Օպամայի այն զգուշացումը, թէ այդպիսի զէնքերու օգտագործումը «հետեւանքներ» պիտի ունենայ: Սակայն Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը «Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի կողմէ ոչ աւանդական զէնքերու օգտագործման հաւանականութեան ուղղութեամբ մտահոգութիւն» յայտնեց: