ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՕԾՈՒՄ ՄԱԱՍԹՐԻԽԹԻ ՄԷՋ

 Յունուարի վերջաւորութեան Հոլանտայի հարաւային ծայրամասի Մաասթրիխթ քաղաքին մէջ հանդիսաւորապէս կատարուեցաւ Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ սուրբ սեղանի, վէմ քարի եւ յուշատախտակի օծման արարողութիւնը,

 ձեռամբ Ֆրանսայի թեմի առաջնորդ եւ Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ Բարձրաշնորհ Տ. Նորվան Ս. արք. Զաքարեանի։

Ներկայ էին Ռուռմոնդի կաթոլիկ եկեղեցւոյ առաջնորդ Ֆրանց Վիրթզ եպիսկոպոս, ռուսական եկեղեցւոյ առաջնորդ Վլադիկօ Գաբրիէլ եպիսկոպոսը, Մաասթրիխթի Ս. Սրվանտիուս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Հաննեման վարդապետը, Մաասթրիխթի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Ա. Կուռիս վարդապետը, Ռումանիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ Տ. Տաթեւ եպս. Յակոբեան, Պենելիւքսի հայրապետական պատուիրակի փոխանորդ Տ. Զատիկ վրդ. Աւետիքեան, Ամսթերտամի հոգեւոր հովիւ Տ. Տարօն քհնյ. Թադեւոսեան, Ալմելոյի հոգեւոր հովիւ Տ. Մաշտոց քհնյ. Բաղդասարեան եւ Տ. Արմէն քհնյ. Մելքոնեան։ Ներկայ էր նաեւ Հայաստանի դեսպան տիկին Ձիւնիկ Աղաջանեանը։

Օծման պահուն խորան բարձրացան Տաթեւ եպս. Յակոբեան եւ Զատիկ վրդ. Աւետիքեան։ Տ. Մաշտոց եւ Տ. Տարօն քահանայ հայրերու կողմէ ըստ կանոնի ջուրով եւ գինիով լուացումէ ետք պատարագիչ սրբազանը՝ Նորվան արք. Զաքարեան օծեց սուրբ սեղանը, ապա վէմ քարը օծելու հրաւիրեց Տաթեւ Սրբազանը։ Յուզիչ էր այն պահը, երբ ատեանին մէջ Նորվան Սրբազան յուշատախտակը օծեց եւ եկեղեցին վերանուանեց Հայ Առաքելական Ս. Կարապետ եկեղեցի։

Ռուռմոնդի կաթոլիկ եկեղեցւոյ առաջնորդ Ֆրանս Վիրթզ եպիսկոպոս իր ճառին մէջ նշեց, որ այս օրերուն, երբ Հոլանտայի մէջ շատ մը եկեղեցիներ կը փակուին, իրենք մեծ ուրախութեամբ այս եկեղեցին կը փոխանցեն հայերուն, որովհետեւ հայ համայնքի շնորհիւ եկեղեցւոյ դռները բաց պիտի մնան, քրիստոնէական հաւատքը վառ պիտի մնայ եւ եկեղեցին պիտի շարունակէ իր սրբազան առաքելութիւնը։

Նորվան Սրբազան քարոզի ընթացքին իր հոգեկան անհուն ուրախութիւնը յայտնեց, որ Հոլանտայի հայութիւնը եւ մասնաւորաբար Մաասթրիխթի հայկական համայնքը ունեցաւ այս գեղեցիկ եկեղեցին։ Շեշտեց՝ որ եկեղեցին առանց ժողովուրդի կը դադրի եկեղեցի ըլլալէ։ Մանաւանդ այս պայմաններուն մէջ, երբ հայ ժողովուրդը ցրուած է, եկեղեցւոյ կոչումն է այդ ցրուեալ հաւաքականութիւնը դարձնել ժողովուրդ։ Եկեղեցին առաւել քան երբեք ընելիք ունի։ Ցեղասպանութեան ընթացքին քանդուած եկեղեցւոյ տեղ այսօր նոր եկեղեցի մը յարութիւն առաւ։ Սրբազանը խրատեց ուշադրութեամբ հետեւիլ Հայ Եկեղեցւոյ վարդապետութեան եւ ամէն ձեւով դէմ դնել աղանդաւորներու եւ մանաւանդ Եհովայի վկաներուն, որոնք շատցած եւ աշխուժացած են շրջանին մէջ։

Պատարագէն ետք հոգեւորականաց դասը եւ ուխտաւոր ժողովուրդը մասնակցեցան Մաասթրիխթի Ծխական Խորհուրդի կողմէ պատրաստուած մատաղօրհնութեան եւ սիրոյ ճաշին։

Հոլանտայի մէջ այսօր կ’ապրին շուրջ 25.000 հայեր, որոնց մօտ 2500-ը խմբուած է Մաասթրիխթի եւ շրջակայքի շրջաններուն մէջ։

Ըստ աւանդութեան, Մաասթրիխթ քաղաքի աւետարանիչը եղած է Հայաստանէն եկած Սրվանտիուս անունով սուրբը, որուն նուիրուած գիտաժողով մը կազմակերպուեցաւ 2011 թուականին Մաասթրիխթի մէջ։

Տ. Տաթեւ վրդ. Յակոբեանի (այժմ եպիսկոպոս, առաջնորդ Ռումանիոյ թեմի) հոգեւոր հովուութեան ժամանակ Հոլանտայի մէջ հիմնուեցան 6 ծուխեր, որոնց շարքին Մաասթրիխթի ծուխը, ուր 1990-ական թուականներէն արդէն կը գործէր «Անի» միութիւնը։ Հայր Տաթեւի եւ «Անի» միութեան նախագահ Լեւոն Սարգիսի ջանքերով Մաասթրիխթի մէջ ստեղծուեցաւ Ծխական Խորհուրդը։ Այդ օրուընէ սկսեալ ամիսը մէկ անգամ օտար եկեղեցիներու մէջ կը մատուցուէր հայկական պատարագ։

2012-ին, Ծխական Խորհուրդի ատենապետ Լեւոն Սարգիսի եւ հոգեւոր հովիւ Տ. Մաշտոց քհնյ. Բաղդասարեանի ջանքերով եւ Կաթոլիկ եկեղեցւոյ հետ ունեցած սերտ յարաբերութիւններու շնորհիւ կարելի եղաւ Մաասթրիխթի կեդ-   րոնը գտնուող Ս. Յարութիւն անունը կրող կաթոլիկ եկեղեցին ձեռք բերել հայ համայնքի հոգեւոր պէտքերուն համար։

Այս եկեղեցիին հայկական նկարագիր տալու համար հարկ եղաւ որոշ փո- փոխութիւններ կատարել՝ խորանի եւ մկրտութեան աւազանի տեղափոխութիւն, վարագոյրի զետեղում եւայլն։ Այս եկեղեցւոյ ձեռքբերումով հոլանտահայութիւնը ունեցաւ երրորդ եկեղեցին Հոլանտայի մէջ։

Գ. Դ.
(FRANCE-ARMENIE)

-------------------------------------------

Արցախի Ազատագրական Շարժման
25ամեակը Մեծ Շուքով Նշուեցաւ
Քոնկրեսի Շէնքին Մէջ

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը հաղորդէ, թէ Չորեքշաբթի, Մարտ 13ին, Ներկայացուցիչներու տան Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի ատենապետ Էտ Ռոյս եւ շարք մը այլ քոնկրեսականներ մասնակցած են Արցախի ազատագրական շարժումի 25ամեակը նշելու նպատակով՝ Քոնկրեսի «Քենըն» շէնքին մէջ կազմակերպուած տօնակատարութեան, որուն գլխաւոր բանախօսն էր Արցախի երիտասարդական հարցերու եւ մշակոյթի նախարար Նարինէ Աղաբալեանը:

«Լեռնային Ղարաբաղի շարժումը իր բնոյթով ամբողջովին ազատագրական էր: Ազատութեան տենչն էր, որ մղիչ ուժը դարձած էր 1988ին ծնունդ առած շարժումին: Ազատութիւնը հիմնաքարը դարձած է վերջին քառորդ դարու ընթացքին Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան արձանագրած յատկա-նշական յառաջխաղացքին ու զարգացման, ինչպէս նաեւ՝ բանալին, որով երկիրը կը փորձէ խաղաղ ու ժողովրդավարական ճանապարհով կարգաւորել հակամարտութեան հիմնահարցը եւ վերջ տալ ատրպէյճանական յարձակողապաշտ քայլերուն», յայտարարած է Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան, շնորհակալութիւն յայտնելով նախարարին ու բոլոր քոնկրեսականներուն՝ Հանրապետական ու Դեմոկրատ կուսակ- ցութիւններէն, յիշելով յատկապէս Էտ Ռոյսն ու Քոնկրեսի Հայկական համախմբումի հանրապետական նոր համաատենապետ Մայքըլ Կրիմը:

Նախարար Աղաբալեանի կողքին, տօնակատարութեան ընթացքին ելոյթներ ունեցած են Էտ Ռոյս, Քոնկրեսի Հայկական համախմբումի երկու համաատենապետներ Ֆրենք Փըլոնն ու Մայքըլ Կրիմը, ինչպէս նաեւ Ատամ Շիֆ, Միացեալ Նահանգներու մօտ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Թաթուլ Մարգարեան, Ուաշինկթընի մօտ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ներկայացուցիչ Ռոբերտ Աւետիսեան. նաեւ կարդացուած են քոնկրեսականներ Աննա Էշուի եւ Ճեքի Սփիրի պատգամները:

Քոնկրեսական Տէյվիտ Սիսիլին բեմ հրաւիրած է նախարարուհին.   հաւաքին ներկայ եղած են նաեւ աւելի քան երկու երկվեցեակ քոնկրեսականներու ներկայացուցիչները:

Իր ելոյթին մէջ, նախարար Նարինէ Աղաբալեան յիշեցուց, թէ իր ժողովուրդին կամքով անկախացած Արցախի յաւելեալ զարգացման ու անոր ժողովուրդին ամբողջական իրաւունքներու ապահովման ջանքերուն դէմ կը կենայ այն իրողութիւնը, որ հանրապետութիւնը ցարդ միջազգային ճանաչում չէ ապահոված: Ան յիշեցուցած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Թամըս Ճեֆըրսընի այն խօսքը, թէ «ամէն ինչ կրնայ փոխուիլ, բացի ժողովուրդներու բնական իրաւունքներէն»:

Իր կարգին, Կրիմ անդրադարձած է այն իրողութեան, որ հետզհետէ սկսած է աճելու Լեռնային Ղարաբաղի անկախութեան միջազգային աջակցութիւնը՝ շեշտելով, թէ ապագային նոր հակամարտութենէ մը խուսափելու համար, Լեռնային Ղարաբաղի անկախութեան ձգտումը պէտք է հաշուի առնուի տագնապի տեւական լուծում մը գտնելու բանակցութեանց ընթացքին: «Կը հաւատամ, որ միջազգային հանրութիւնը սկսած է հասկնալու, որ այդ է տագնապին միակ իրատեսական լուծումը», նշած է Կրիմ:

«Լեռնային Ղարաբաղը անկախ հանրապետութիւն է եւ պէ՛տք է ճանչցուի իբրեւ անկախ հանրապետութիւն: ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի կամ որեւէ այլ միջազգային կազմակերպութեան առաջնորդութեամբ բանակցութիւն մը պարտաւոր է ապահովել Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքը՝ մնալու անկախ պետութիւն կամ միանալու Հայաստանի Հանրապետութեան», նշած է Ֆրենք Փըլոն:

Իրենց կարգին Ռոյս եւ Շիֆ, իրենց ելոյթներուն ընթացքին դատապարտած են հայ սպայ Գուրգէն Մարգարեանը սպաննած Ռամիլ Սաֆարովը ներելու եւ հերոսացնելու Ատրպէյճանի քայլը:

«Կը հաւատանք, որ եկած է խաղաղութեան ժամանակը: Խաղաղութեան կարելի է հասնիլ, եթէ երկու կողմերը անկեղծօրէն ձգտին անոր: Պէտք է դադրեցնել սպառնական յայտարարութիւնները», յայտարարած է Ռոյս:

«Սաֆարովի դէպքը վկայութիւնն է այն իրողութեան, որ Ատրպէյճանի մէջ կը շարունակուի հակահայ ատելութեան սերմանումը: Արդարացում չունեցող նման սարսափելի արարք կ՛արդարացնէ հայերուն այն մտավախութիւնները, թէ արցախահայութեան պարտադրուած ենթարկումը՝ Պաքուի կառավարութեան, պիտի աւարտի արիւնահեղութեամբ: Կասեցնելով Ատրպէյճանի տրամադրուող ռազմական օգնութիւնը, Ամերիկա իր նողկանքը պիտի արտայայտէ Ռամիլ Սաֆարովի հարցին առնչութեամբ եւ պիտի յիշեցնէ Ատրպէճանին, թէ Միացեալ Նահանգները չի հանդուրժեր Հայաստանի կամ Արցախի դէմ բռնարարքները», յայտարարած է Շիֆ:

Յայտնենք, թէ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը պատրաստած է տեսաերիզ մը, ուր իրարու կը հակադրուին Ատրպէյճանի այն պնդումները, թէ այլախոհներու եւ փոքրամասնութեանց իրաւունքները կը յարգուին Ատրպէյճանի մէջ, ինչպէս նաեւ՝ այն իրողութիւնը, թէ Ատրպէյճանի մէջ այլախոհներու եւ փոքրամասնութեանց իրաւունքները շարունակաբար կ՛ոտնակոխուին:

30 երկվայրկեաննոց տեսաերիզը կարելի է դտել՝ այցելելով
www.youtube.com/watch?v=obFly5M5nGg
կայքէջը

 -------------------------------------------

«Ազդակ»ի 85ամեակի Նշում ՝
«Ժիրայր Պուտագեան» Մամլոյ Ուսումնասիրութեան Կեդրոնի Բացումով

ՊԷՅՐՈՒԹ.- Ուրբաթ, 15 Մարտին, ճիշդ այն օրերուն, երբ «Ազդակ» ամբողջացուց իր հիմնադրութեան 85ամեակը, հանդիսաւոր ձեռնարկով մը բացումը կատարուեցաւ «Ազդակ»ի վերանորոգուած խմբագրատան եւ «Ժիրայր Պուտագեան մամլոյ ուսումնասիրութեան կեդրոն»ին, որուն հիմնադրութեան նպատակն է առիթ տալ գրասէրներուն եւ յատկապէս երիտասարդներուն «Ազդակ»ի յարկին տակ իրենց պրպտումներն ու ուսումնասիրութիւնները կատարելու:
«Ազդակ»ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցած հանդիսութեան բացման խօսքը արտասանեց «Ազդակ»ի խմբագիրներէն Վահրամ Էմմիեան, որ նման կեդրոնի մը հաստատումը լաւագոյն պսակումը նկատեց յոբելենական տարուան, որովհետեւ այսպիսով իրականութիւն կը դառնայ կարեւոր եւ անյետաձգելի դարձած աշխատանք մը:

Ապա ներկաները դիտեցին «Ազդակ»ի կեանքին 85 տարիները եւ տարբեր խմբագրատուներու երթը ամփոփող տեսաերիզ մը:

Անկէ ետք խօսք առաւ «Ազդակ» օրաթերթի տնօրէն եւ գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեան, որ դիտել տուաւ, թէ ներկայ ժամանակներու պայմաններուն եւ ստեղծուած կացութիւններուն լոյսին տակ հայ մամուլի որեւէ հաստատութեան առնչուած իրագործում դուրս կու գայ տուեալ թերթի խմբագրութեան սենեակներէն եւ կը տարածուի ամբողջ հայկական լրատուադաշտին վրայ, որովհետեւ այսօր ամէն բան հիմնուած է փոխադարձ համագործակցութեան եւ կարելի եղածին չափ փոխ ներգործօն յարաբերութիւններու վրայ: «Այս առումով ալ գոյութիւն ունեցող մամլոյ հսկայական արխիւի տրամադրելիութիւնը խիստ անհրաժեշտ հրամայական է հայկական որեւէ լրատուամիջոցի կենսունակ գործունէութիւնը զարգացնելու համար»:

Սարգիս Պուտագեան կատարեց 5 Մարտ 1927ին լոյս տեսած «Ազդակ»ի առաջին թիւին թուայնացումը:

Անկէ ետք խօսք առաւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Յովիկ Մխիթարեան, որ անդրադառնալով ներկայիս հայ մամուլին դիմագրաւած տարբեր դժուարութիւններուն՝ դիտել տուաւ, որ անիկա նաեւ պարտաւոր է մնայուն կերպով նոր ծրագիրներ մշակելու, նոր աշխատանքներու ձեռնարկելու եւ իր յարկին տակ ապահովելու ներկայութիւնը աշխատակիցներու եւ երիտասարդներու: Շեշտը դնելով դաշնակցական մամուլին վրայ՝ Յ. Մխիթարեան նշեց, որ հոն պէտք է ստեղծուի ազգային-գաղափարական մտածողութիւն, բան մը, որ «Ազդակ» իր հիմնադրութենէն ի վեր կ՛աշխատի պահել: Ան հաստատեց, որ յաջորդական Կեդրոնական կոմիտէներ միշտ նեցուկ կանգնած են օրաթերթին՝ իբրեւ կուսակցութեան գործունէութիւնը արտացոլող հայելի, երիտասարդներու դարբնոց: Ան շեշտեց, որ այս նոր կեդրոնը կոչուած է նոր աւիշ, եռանդ եւ կենսունակութիւն տալու 85ամեայ օրաթերթին, որովհետեւ երիտասարդները անցեալը ուսումնասիրելով պէտք է կերտեն ապագան:

Յաջորդ խօսք առնողն էր ՀՅԴ Արեւմտէան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ դոկտ. Վիգէն Յովսէփէան, որ իր խօսքին մէջ յատկապէս լուսարձակի տակ առաւ մեկենասութեան մերօրեայ ըմբռնումը՝ հետեւողականութիւն եւ յանձնառութիւն, գուրգուրանք եւ գործունէութեան վերահասու ըլլալ, ինչ որ լաւապէս կ՛արտացոլայ Սարգիս Պուտագեանի մօտ: Ան դիտել տուաւ, որ պարզ զուգադիպութիւն չէ, որ այս հոգածութիւնը Ս. Պուտագեան կը տածէ «Ազդակ» օրաթերթին նկատմամբ, որովհետեւ մերօրեայ կեանքին մէջ, մամուլին ապրած երկունքի օրերուն ասիկա թերթին կարեւորութիւնը շեշտող եւ անոր վստահութեան քուէ տուող երաշխիք է: Վ. Յովսէփեանի համաձայն՝ համացանցի առկայութիւնը այսօր առիթ տուած է, որ «Ազդակ»ը դառնայ համազգային թերթ, որ ունի ազգային ժառանգութիւն, որուն պահպանման իմաստով «Ժիրայր Պուտագեան» կեդրոնը իր դերակատարութիւնը պիտի ունենայ:

Ապա իր սրտի խօսքը արտասանեց Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Աշոտ Քոչարեան, որ լուսարձակի տակ առաւ սփիւռքի կեանքին մէջ լիբանանահայ գաղութին ունեցած դերակատարութիւնը՝ իբրեւ հոգեւոր կեանքի, հայու լուսաւորչական միտքը սնող երակ: «Համոզուած եմ, որ կեդրոնը պիտի ծառայէ իր ազգանուէր նպատակներուն, համահայկական եւ համամարդկային խնդիրներու խոր ուսումնասիրութիւններու եւ միջազգային հանրութեան զանոնք համապարփակ ձեւով ներկայացնելու», յայտնեց դեսպանը: Այս առիթով, անդրադառնալով նման կեդրոնի մը իրականացման իմաստով Սարգիս Պուտագեանի նուիրատուութեան կարեւորութեան՝ ան սփիւռքի նախարարութեան բարձրագոյն՝ ոսկէ, մետալը յանձնեց բարերարին: Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան լուսարձակի տակ առնելով մերօրեայ կեանքին մէջ տիրող քիչ մը մշուշոտ իրականութիւնը, լաւատեսութեան նուազումը, հաստատեց, որ այսօր նման ուսումնասիրութեան կեդրոնի մը հիմնումը կու գայ յոյս ներշնչելու, ապագային նկատմամբ հաւատք փոխանցելու, որովհետեւ ասոր կարեւորութիւնը մեծ պիտի ըլլայ լիբանանահայ տարեգրութեան մէջ:

Իբրեւ երախտագիտութիւն՝ «Ազդակ»ի նկատմամբ ցուցաբերած յատուկ վերաբերումին եւ տուեալ կեդրոնի հիմնադրութեան հովանաւորութիւնը ստանձնելուն համար՝ «Ազդակ»ի տնօրէն Շահան Գանտահարեան «Ազդակ»ի յուշանուէրը յանձնեց տէր եւ տիկին Սարգիս եւ Ժիւլի Պուտագեաններուն:

Աւարտին իր խօսքը արտասանեց կեդրոնի հովանաւոր Սարգիս Պուտագեան, որ դիտել տուաւ, թէ տրուած մետալը կը պարտի «Ազդակ»ին եւ Դաշնակցութեան՝ ուրախութիւն յայտնելով այն առնչութեամբ, որ «Ազդակ»ի տնօրէնութեան ու անձնակազմին հետ օրաթերթի պատմութեան մէջ նոր ուղի կը բանայ:

Ներկաները նաեւ լսեցին Հայաստանի Հանրապետութէան սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի պատկերասփռուած ուղերձը:

-------------------------------------------

Անթիլիասի Մայրավանքէն
Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի Աջը
Օրհնեց Հայ Ժողովուրդը

Անթիլիասի Ուխտի օրը իւրայատուկ նշանակութիւն ունի ո՛չ միայն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան, այլեւ մեր ամբողջ ժողովուրդին համար: Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի մուտն ի Վիրապի տօնին, որ միաժամանակ Ուխտի օրն է Անթիլիասի մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին, վեհափառ հայրապետը կ՛օրհնէ ժողովուրդը Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի սրբազան Աջով, որ եղաւ պահապանը հայ ժողովուրդին‘ պատմութեան փոթորիկներուն մէջ: Ճի՛շդ է, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մեր երկրորդ լուսաւորիչ առաքեալը դարձաւ‘ Ս. Թադէոս ու Ս. Բարթուղիմէոս առաքեալներէն ետք. սակայն ան իր սրբակենցաղ կեանքով ու հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ կատարած հաւատքի յեղափոխութեամբ մնաց տիրական ներկայութիւն հայ եկեղեցւոյ ու ազգի կեանքին մէջ: Ահա թէ ինչու հայ ժողովուրդը հոգեւոր խանդավառութեամբ կը սպասէ Ուխտի օրուան՝ ստանալու համար մեծ սուրբին օրհնութիւնը:

Հոգեւոր նոյն խանդավառութեամբ այս տարի եւս նշուեցաւ Ուխտի օրը Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին՝ նախագահութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին: Ուխտի օրը կանխող շաբթուան ընթացքին, Հինգշաբթի երեկոյեան կատարուեցաւ սրբազան համերգ, որուն ընթացքին ներկայ հաւատացեալներուն հրամցուեցան փունջ մը շարականներ եւ հոգեւոր երգեր: Ուրբաթ երեկոյեան ժամերգութենէն ետք նախատօնակ կատարուեցաւ՝ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի մուտն ի Վիրապին: Շաբաթ առաւօտեան մատուցուեցաւ սուրբ եւ անմահ պատարագ՝ ի յիշատակ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի չարչարանքներուն եւ Վիրապ մտնելուն. իսկ գիշերը կատարուեցաւ Կիրակի օրուան սուրբ եւ անմահ պատարագը կանխող հսկումի արարողութիւն, որուն ընթացքին վեհափառ հայրապետը ուխտաւոր ժողովուրդին իր խօսքը ուղղելով խորհըրդածութիւններ կատարեց մեծ սուրբին կեանքին ու առաքելութեան առնչուած քանի մը յատկանշական երեւոյթներուն մասին:

Վեհափառ հայրապետը իր խօսքին մէջ ըսաւ. «Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչը այսօր կը պատգամէ մեզի ապրիլ մեր քրիստոնէական հաւատքը եւ վկայել մեր հաւատքի մասին»: Աղօթքս է, որ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչը լսէ՛ մեր ուխտերը եւ իբրեւ միջնորդ ու բարեխօս Աստուծոյ ներկայացնէ: Ու աղօթքս է, որ Աստուած ընդունի մեր ուխտերը, եւ մեր բոլորին կեանքը լուսազարդէ ու պայծառակերպէ»: Հսկումի արարողութենէն ետք, մայրավանքի Կիրակնօրեայ դպրոցի աշակերտները ներկայացուցին գեղարուեստական յայտագիր:

Կիրակի առաւօտեան մատուցուեցաւ սուրբ եւ անմահ պատարագ՝ նախագահութեամբ վեհափառ հայրապետին: Օրուան պատարագիչն էր Կորիւն արք. Պապեան: Պատարագիչ սրբազանը իր խօսքին իբրեւ բնաբան ընտրած էր շարականի հետեւեալ բառերը. «Ով հովուապետ բարի, Տէր Գրիգորիոս. ամբիծ քահանայապետ, բարերար, ընտրեալ Աստուծոյ կողմէ, Դո՛ւն մեր հոգիներուն բժիշկ եղար»: Սրբազանը նախ եւ առաջ ըսաւ, թէ այսօր Գալստեան Կիրակի է, որ երկու խորհուրդ ունի. առաջին, Քրիստոսի աշխարհ գալուստը՝ փրկագործական խորհուրդը, եւ երկրորդ՝ Քրիստոսի երկրորդ գալուստը: Պատարագիչ սրբազանը յայտնեց, որ տարիներու աւանդութեան համաձայն, Գալստեան կիրակին եղած է Ուխտի Կիրակի՝ Ուխտի պատարագ: Ապա, սրբազան հայրը անդրադարձաւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի կեանքին ու գործունէութեան, եւ ըսաւ. «Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչը մեր հաւատքի հայրն է ու մեր քրիստոնէական հաւատքին խորհրդանիշը»:

Անդրադառնալով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբանութեան՝ սրբազանը ըսաւ. «Այսօր, կ՛ուխտենք անհատաբար ու հաւաքաբար հաւատարիմ մնալ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչին լոյս հաւատքին եւ տէր կանգնիլ մեր եկեղեցւոյ հոգեւոր եւ մշակութային ժառանգութեան: Իբրեւ միաբանութիւն, կրկին անգամ միաբերան մեր հնազանդութիւնը եւ հաւատարմութիւնը կը վերանորոգենք ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին, եւ կ՛ուխտենք շարունակել մեր ծառայութիւնը ի պայծառութիւն հայ եկեղեցւոյ եւ ի ծաղկումն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան»:

Իր քարոզի աւարտին, համայն հաւատացեալներուն անունով, սրբազան հայրը ըսաւ. «Կ՛ուխտենք հաւատարիմ մնալ մեր Եկեղեցւոյ սրբութեանց, մեր ազգային աւանդութիւններուն, որպէսզի միշտ վառ մնայ Լուսաւորիչին կանթեղը եւ պլպլայ անոր լոյսը մեր եկեղեցւոյ սուրբ խորաններուն վերեւ, եւ Արագածի կատարին Լուսաւորիչին կանթեղը շարունակէ պայծառակերպել համայն հայութիւնը‘ ի Հայաստան եւ ի Սփիւռս աշխարհի»:

Ս. պատարագէն անմիջապէս ետք խուռներամ բազմութեան մէջ աւանդական թափօրը սկսաւ վեհափառ հայրապետին գլխաւորութեամբ՝ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի Աջն ի ձեռին: Հայ ժողովուրդի զաւակները, այր թէ կին, մեծ թէ փոքր, հաւատքի մղումով մօտեցան Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի Աջին ու ստացան անոր օրհնութիւնը: Կիլիկեան սուրբ աթոռին աւանդութեան համաձայն, նոյն օրը նաեւ դարեր շարունակ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կողմէ պահպանուած այլ սուրբերու մասունքները եւս միաբան հայրերու ձեռին մաս կազմեցին թափօրին:

Թափօրի աւարտին կատարուեցաւ ջրօրհնէք Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի Աջով, ապա վեհափառ հայրապետը Սուրբ Լուսաւորիչի Աջն ի ձեռին աղօթեց իր կողմէ խմբագրուած աղօթքը:

Նոյն օրը, մինչեւ երեկոյեան ուշ ժամերը, սրբազան Աջը մնաց մայր խորանին վրայ եւ ուխտաւորները զայն համբուրելով ստացան մեծ սուրբին օրհնութիւնը: