Ֆրանսայի ծերակոյտը ընդունեց Արցախի հետ
խորհրդարանական բարեկամութեան խումբ ստեղծելու որոշում
Ֆրանսայի խորհրդարանի եւ Ծերակոյտի խումբ մը անդամներու, ինչպէս նաեւ նախկին պատգամաւորներու եւ քանի մը քաղաքներու կառավարիչ մարմիններու ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ, Ֆրանսայի մէջ ստեղծուած է Արցախի Հանրապետութեան հետ բարեկամութեան համախմբում մը:
Հանրային հեռուստաընկերութեան «Առաջին լրատուական» ծրագիրը կը տեղեկացնէ, թէ Երեքշաբթի, Մարտ 19ի երեկոյեան վաւերացուած փաստաթուղթին մէջ նշուած է. «Հիմք ընդունելով Մարդկային իրաւունքներու մասին համընդհանուր հըռչակագիրով ամրագրուած ազատութեան եւ ժողովրդավարական արժէքներու բացարձակ կարեւորութիւնը, սատարելով բոլոր ժողովուրդներու, ներառեալ՝ Լեռնային Ղարաբաղի՝ Արցախի ժողովուրդին ինքնորոշման իրաւունքին, գիտակցելով Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանին մէջ յարատեւ խաղաղութեան հաստատման եւ կայունութեան պահպանման անհրաժեշտութիւնը, աջակցելով ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի համանախագահներու գործունէութեան՝ Արցախի հակամարտութեան կարգաւորման նպատակով, եւ այդ ուղղութեամբ Ֆրանսայի Հանրապետութեան կողմէ գործադրուող ջանքերուն, ողջունելով ազատ եւ ժողովրդավարական հասարակութիւն ստեղծելու եւ զարգացնելու Լեռնային Ղարաբաղի՝ Արցախի Հանրապետութեան ժողովուրդի եւ իշխանութիւններու հետեւողական քայլերը, համոզուած ըլլալով, որ Արցախի ժողովուրդի մեկուսացումը միջազգային գործընթացներէն չի նպաստեր ժողովուրդներու երկխօսութեան եւ կայուն խաղաղութեան հաստատման, մենք՝ Ֆրանսայի Հանրապետութեան քաղաքական գործիչներս, պատգամաւորներս ու ծերակուտականներս, կը յայտարարենք Արցախի հետ բարեկամութեան համախմբում ստեղծելու որոշման մասին»:
Յայտարարութիւնը ստորագրած են Մարսէյի առաջին փոխ քաղաքապետ, նախկին պատգամաւոր Ռոլան Պլիւմ, խորհրդարանի անդամներ՝ Վալերի Պուայէ, Ֆրանսուա Ռոշպլուան, Ռընէ Ռուքէ, ծերակուտականներ՝ Սոֆի Ժուասեն, Ֆիլիփ Մարին, եւայլ: