Համեստ արարողութիւն, սակայն մեծաթիւ հրաւիրեալներու մասնակցութեամբ 

Պատմական կը նկատուի յոյն ուղղափառ պատրիարք՝ Պարթոլոմէոսի ներկայութիւնը Ֆրանսիս պապի գահակալութեան արարողութեան։

11րդ դարուն եկեղեցիներու միջեւ առաջացած խզումէն ետք, առաջին անգամն է որ ուղղափառ պատրիարքը ներկայ պիտի  գտնուի պապի գահակալութեան պաշտօնական արարողութեան։

Երէկ Երկուշաբթի օր Հռոմ ժամանեց Պարթոլոմէոս պատրիարքը, իր հետ ունենալով նաեւ Պոլսոյ հայոց պատրիարքութեան ընդհանուր փոխանորդ Արամ Աթէշեանը։

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան եւս Հռոմ մեկնած է մասնակցելու համար նոյն արարողութեան։ 

Ամենայն հայոց կաթողիկոս պիտի մասնակցի
նորընտիր պապի գահակալութեան

Երէկ երեկոյեան Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսը եւս մեկնեցաւ Վատիկան, ուր այսօր ներկայ պիտի գտնուի Հռոմի նորընտիր պապի գահակալութեան արարողութեան:

Այցելութեան ընթացքին Ամենայն հայոց կաթողիկոսին պիտի ուղեկցին Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինի հրատարակչական բաժինի տնօրէն Նաթան արք. Յովհաննիսեան, Մայր Աթոռի միջեկեղեցական յարաբերութիւններու գրասենեակի տնօրէն Յովակիմ եպս. Մանուկեան եւ գաւազանակիր Անանիա աբղյ. Ծատուրեան: