ՎԱՏԻԿԱՆ, ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Ֆրանսիս քահանայապետին գահակալութեան համար Հռոմ առաքուած Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան պատուիրակութեան մաս կազմող Նարեկ արք. Ալեէմէզեան Վատիկան ժամանեց Կիրակի, Մարտ 17ին եւ իջեւանեցաւ Վատիկանի պաշտօնական հիւրերու «Ս. Մարթա» հիւրանոցին մէջ, ուր նաեւ ժամանակաւորապէս կ՛ապրի Հռոմէական Կաթոլիկ եկեղեցւոյ նորընտիր պապը։

Իրիկուան ժամը 8ին, Նարեկ սրբազան բացառիկ պատեհութիւնը ունեցաւ պապին սեղանակից դառնալու՝ հիւրանոցի սեղանատան մէջ։ Իր համեստութեամբ յատկանշուող Ֆրանսիս պապը անակնկալօրէն միացաւ հոգեւորականներու փոքր խումբին  եւ լայն ժպիտով «բարի ախորժակ» մաղթելէ ետք գրաւեց բոլորին համահաւասար պարզ աթոռ մը եւ մտերմօրէն մասնակցեցաւ խօսակցութեան։

Ընթրիքի աւարտին, Նարեկ սրբազան առանձինն հանդիպեցաւ քահանայապետին հետ, փոխանցելով Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին եղբայրական ողջոյնները, հակիրճ կերպով խօսեցաւ Հայ եկեղեցւոյ եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան մասին եւ յատկապէս ըսաւ. «Ձերդ սրբութիւն, ինծի համար պատիւ էր այսօր ձեզի սեղանակից ըլլալը։ Ձեր մէջ յատկապէս կ՛ողջունեմ Յիսուսի՝ Բարի Հովիւին ճշմարիտ աշակերտն ու հետեւորդը։ Դուք քրիստոնեաներուս եւ բոլոր մարդկութեան կեանքին մէջ խոնարհութեան տիպար մը հանդիսացաք։ Կը մաղթեմ, որ Աստուած ձեզի քաջառողջութիւն պարգեւէ՝ ձեր ծանր լուծը կարենալ շալկելու համար»։ Ապա սրբազաբը ըսաւ. «Մենք, հայերս, ձեր մէջ կը տեսնենք մեծ բարեկամ մը։ Յանուն Արամ Ա. կաթողիկոսին եւ իմ բոլոր հայրենակիցներուս, խնդրանքս է, որ Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման գծով ձեր ձայնը աւելի լսելի դարձնէք»։

Սրբազան քահանայապետը գլխու շարժումով իր հաւանութիւնը տալէ ետք, ըսաւ. «Աղօթեցէք ինծի համար եւ եղբայրական ողջոյններս հաղորդեցէք Արամ Ա. կաթողիկոսին։ Յուսամ մօտ ատենէն կը տեսնուինք»։

Պապը իր ընտրութենէն անմիջապէս ետք յատուկ նամակ ուղղեց Արամ Ա. կաթողիկոսին, ուր ան իր եղբայրական ողջոյնը կը փոխանցէր եւ կը խնդրէր որ իր աղօթքներուն մէջ յիշէ զինք: Նոյն նամակին մէջ Ֆրանսիս պապը տեղեակ կը պահէր, թէ իր գահակալութիւնը տեղի պիտի ունենայ այսօր Երեքշաբթի, Մարտ 19ին:

Յայտնենք, որ վեհափառը նաեւ նամակ ստացած էր Վատիկանի Քրիստոնէական միութեան բաժանմունքէն, ուր հրաւէր ուղղուած էր մասնակից դառնալու սրբազան քահանայապետին գահակալութեան արարողութեան:

Գահակալութեան արարողութիւնը տեղի կ'ունենայ այսօր Երեքշաբթի առաւօտեան, Ս. Պետրոս տաճարին մէջ: Պապը ներկայ օտար եկեղեցիներու պատուիրակները պիտի ընդունի յաջորդ օրը:

Յանուն Արամ Ա. կաթողիկոսին ու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան, արարողութեան պիտի մասնակցի եռանդամ պատուիրակութիւն մը՝ յանձինս Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի, Կաթողիկոսարանի Միջեկեղեցական բաժանմունքի վարիչ Նարեկ արք. Ալեէմէզեանի եւ ազգային բարերար Ալեքքօ Պէզիկեանի: