Խորին անհանգստութիւն եւ լուրջ դղրդումներ՝ Կիպրոսի մէջ տնտեսական զարգացումներուն գծով
Կիպրոսի եւ Յունաստանի մէջ քաղաքացիները, ինչպէս եւ տնտեսական աշխարհը խորին մտահոգութեամբ դիմաւորեցին Կիպրոսի մէջ անցեալ Ուրբաթ գիշեր սկիզբ առած զարգացումները՝ երկրի դրամատուներուն մէջ պահք դրուած գումարներու գծով խիստ հարկային դրութիւն կիրարկելու կապակցութեամբ։
«Հարկային քաղաքականութիւնը կը խեղդէ խնայողութիւնը», «Ցնցում եւ զայրոյթ Կիպրոսի մէջ» եւ նմանօրինակ այլ խորագրերով լոյս տեսած են եւրոպական թերթերը, ահազանգելով թէ Կիպրոսի փրկութեան նպատակաուղղուած ծրագիրը ժողովուրդը խուճապի մատնած է։ Ֆրանսական տնտեսական «Լէզ Էքօ» թերթը դիտել կուտայ թէ «առաջին դէպքն է եւրոպական տնտեսական օգնութեան ծրագրերու պատմութեան մէջ, որ նման պարտադրանքի տակ կը դրուին դրամատուներու մէջ պահք դրուած աւանդները։ Այս միջոցը յատուկ է Կիպրոսի համար, որ ֆինանսական մեծ կեդրոն մըն է դրա- մատնային ծաւալուն բնագաւառով՝ երկրի արդիւնաւէտ ներուժին համեմատաբար»։
Կիպրոսի նախագահ Նիքոս Անասթասիատիս որոշումը յայտարարելու ատեն յայտնեց թէ «ընտրեցի նուազագոյն ցաւը պատճառող լուծումը, որու համար լրիւ պատասխանատուութիւն կը ստանձնեմ»։
Այսօր Երեքշաբթի օր, տեղի կ'ունենայ Կիպրոսի խորհրդարանի լիագումար նիստը, ուր պէտք է վաւերացուի նախագահի առաջարկը։ Անվստահութեան եւ դղրդումներ յառաջացնող կլիմայի մէջ տեղի պիտի ունենայ խորհրդարանական նիստը։
Լուրջ դեր վերապահուած է Ռուսաստանի, որ աշխուժ եւ մեծագումար մասնակցութիւն կը բերէ Կիպրոսի տնտեսութեան մէջ։ Մամլոյ հրապարակումներուն համաձայն, կիպրական դրամատուներու մէջ գտնուող 68 միլիառ եւրոյի 40 առ հարիւր տոկոսը՝ կը պատկանի ռուսերու։ Որոշումը կիրարկելու պարագային ռուսերը պիտի կորսնցնեն մօտ 2 միլիառ եւրոյի գումարը։
Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին նախազգուշական յայտարարութեամբ մը հանդէս եկած է, ըսելով թէ Ռուսաստան պիտի ստիպուի վերանայելու իր յարաբերութիւնները Կիպրոսի հետ։ Մինչ այդ, անստոյգ լուրերու համաձայն, ռուսական «Կազփրոմ»ը արդէն առաջարկ ներկայացուցած է երկու կիպրական դրամատուներ գնելու կապակցութեամբ։