ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակը կը տեղեկացնէ, որ 7-10 մարտին Շուէտի մէջ տեղի ունեցաւ Եւրոպական համայնքի Երիտասարդ ընկերվարականներու կազմակերպութեան (Եուրոփիըն Քոմիունիթի աֆ Սոշըլիսթ Եութ) համաշխարհային համագումարը:
ՀՅԴ Երիտասարդականը սոյն կազմակերպութեան անդամ է‘ դէտի կարգավիճակով:
Համագումարին ՀՅԴ Երիտասարդականը մասնակցեցաւ երկու հոգինոց պատուիրակութեամբ‘ Ազատուհի Սիմոնեան (Հայաստան) եւ Արէն Քերթեշեան (Ֆրանսա):
Համագումարին իր ողջոյնի տեսաուղերձը յղեց Եւրոպայի ընկերվարականներու կուսակցութեան նախագահ Սերկէյ Սթանիշեւ:
Քառօրեայ նիստին ընթացքին մասնակիցները ունկնդրեցին կազմակերպութեան շրջանաւարտ նախագահութեան գործունէութեան զեկուցումը: Որոշեցին յառաջիկայ երկու տարիներու գործունէութեան ընդհանուր սկզբունքները եւ ուղղութիւնները: Հաստատեցին երկամեայ պիւտճէն: Աւարտին ընտրեցին նոր նախագահութիւն: Նախագահութեան կազմին մէջ վերընտրուեցան կազմակերպութեան նախագահը‘ Քայիսա Փենին (Ֆինլանտա) եւ Ընդհանուր քարտուղարը‘ Թոմաս Մայեսը (Պելճիքա):
Յատկանշական է, որ Համագումարը որոշում տուաւ կազմակերպութեան անունը վերափոխելու Երիտասարդ եւրոպական ընկերվարականներու (Եանկ Եուրոփիըն Սոշըլիսթս):
ՀՅԴ Երիտասարդականի պատուիրակութիւնը համագումարի ծիրին մէջ հանդիպումներ ունեցան մասնակից կազմակերպութիւններէն Իսրայէլի, Պուլկարիոյ, Պաղեստինի, Ֆրանսայի, Թուրքիոյ, Փորթուգալի, Նորվեկիոյ եւ Յունաստանի պատուիրակութիւններուն հետ: Քննարկուեցան երկուստեք հետաքրքրող հարցեր:
Նշելի է, որ Կովկասի շրջանէն համագումարին կը մասնակցէր միայն ՀՅԴ Երիտասարդականը: