ԹՐՔԱԿԱՆ ՄԱՄՈՒԼԸ ԱՆՀԱՆԳՍՏՈՒԹԵԱՄԲ ԿԸ ՅԻՇԷ
ԵՕԹ ՏԱՐԻՆԵՐ ԱՌԱՋ ԿԱՐՏԻՆԱԼԻ ՅՈՐԴՈՐԸ՝
ՃԱՆՉՆԱԼՈՒ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՓԱՍՏԸ

Ֆրանչեսքօ Ա. նորընտիր պապի մասին  արժանթինեան մամուլը յատկապէս եւ միջազգային մամուլը ընդհանրապէս գովասանքի խօսքերով կÿարտայտուին, ծանրանալով իր նկարագրի համեստութեան վրայ:
Թրքական մամուլը իր հրապարակումներուն մէջ կը յիշատակէ կարտինալի խօսքերը եօթ տարիներ առաջ՝ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման անհրաժեշտութեան գծով: Կողքին կը հրատարակենք երկու պատմական լուսանկարներ, Պուէնոս Այրէսի մէջ նախկին արքեպիսկոպոսի եւ Ամենայն Հայոց կաթողիկոս՝ Գարեգին Բ. ի հետ, երբ Վեհափառ հայրապետը Արժանթին այցելած էր առաջին անգամ: Առաջին նկարին մէջ, 2004 Մայիս 25-ին, Գոհաբանական աղօթքի (Tedeum)  կատարման միջոցին էր, ներկայութեամբ երկրի նախագահ՝ Նեսթոր Քիրչների, Պուէնոս Այրէսի Մայր Տաճարին մէջ, իսկ երկրորդ նկարին մէջ հայկական առաքելական Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Տաճարին մէջ է, սուրբ պատարագի մատուցման  ընթացքին: