Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Փենսիլվանիա նահանգի դպրոց  ներուն մէջ Հայոց ցեղասպանութեան եւ հրէական Հոլոքոստի ուսուցման վերաբերեալ օրինագիծ մը ներկայացուած է նահանգի Ներկայացուցիչների պալատին:

Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրէս»-ը՝ վկայակոչելով Փենսիլվանիայի Ներկայացուցիչներու պալատի պաշտօնական կայքէջի հրապարակումը, օրինագիծը ներկայացուցած է ՄոնթկոմերիևՓենսիլվանիայի ներկայացուցիչ, դեմոկրատ Պրենտըն Պոյլը: Այն կը նախատեսէ դպրոցական կրթական ծրագրերուն մէջ ներառել Հոլոքոստի եւ Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ պարտադիր դասաժամեր:

«Պատմութեան կրկնութենէն խուսափելու համար կարեւոր է, որ մեր երիտասարդները ծանօթանան Հոլոքոստի պատճառած հետեւանքներուն եւ սորվին թէ ինչ է Ցեղասպանութիւնը (ազգային, էթնիկական, ցեղային կամ կրօնական որեւէ խումբի զանգուածային սպանութիււնը): Արդէն հինգ նահանգներու մէջ ընդունուած է այս նիւթերու դասաւանդումը դպրոցներուն մէջ: Այդ նահանգներն են Քալիֆորնիան, Ֆլորիտան, Իլինոյիսը, Նիւ Ճերզին եւ Նիւ Եորքը»,- ըսած է Պոյլը: Օրինագիծը կը նախատեսէ 2015-2016 ուսումնական տարիէն սկսեալ նահանգի դրպոցներուն մէջ Հոլոքոստի, ցեղասպանութեան եւ մարդու իրաւունքներու խախտման վերաբերեալ պարտադիր ժամեր յատկացնել՝ 6-12րդ դասարանի աշակերտներուն համար: Նախատեսուած է նաեւ թէ ԱՄՆ Կրթութեան նախարարութիւնը պէտք է ուղեցոյցներ հրապարակէ ուսումնական ծրագրերուն համար, ուր յատուկ տեղ պիտի գրաւեն հրէական Ողջակիզման, Հայոց Ցեղասպանութեան, Պոսնիայի եւ Սուտանի ցեղասպանութիւններու պարագաները, անոնց պատմութիւնը, արձագանգը եւ անոնց ճանաչման ուղղութեամբ սահմանուած միջոցառումները:

Նմանատիպ օրինագիծ ներկայացուած է նաեւ Փենսիլվանիայի ծերակուտական դեմոկրատ Անթընի Ուիլիսամսի կողմէ:

Նշենք, որ Փենսիլվանիան Հայոց ցեղապանութիւնը ճանչցած ամերիկեան չորս  տասնեակ նահանգներէն է: