7 տարիներ առաջ, Արժանթինի մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան 91ամեակի նշումին առիթով, նորընտիր պապը իր խօսքը ուղղած էր Թուրքիոյ, պահանջելով Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը

Անցեալ ամիս Պենետիկտոս ԺԶ. պապի պատմական հրաժարականէն ետք, Վատիկանի Սիսթինեան տաճարին մէջ գումարուող փակարանը երկու օր եւ հինգ քուէարկութենէ ետք, պապ ընտրեց Արժանթինի Խորխէ Պերկոլիօ կարտինալը, որ ընտրեց Ֆրանսիս  Ա. անունը:

Նոր պապի ընտրութիւնը անակնկալ մըն էր այն իմաստով որ 1200 տարուայ մէջ առաջին անգամն է որ ոչ եւրոպացի պապ մը կ'ընտրուի:

76 տարեկան պապը ծանօթ է իբրեւ համեստ եւ աղքատիկ կեանք մը ապրող կղերական մը: Ան վարորդ չունէր, հանրային փոխադրակառքով կ՛երթար գործի եւ չէր բնակեր կարտինալին յատկացուած դղեակին մէջ, այլ պարզ տան մը մէջ, ուր ինք կ՛եփէր իր ճաշերը: Ան պատմութեան մէջ առաջին ոչ եւրոպացի, առաջին լատին ամերիկացի, Յիսուսեան միաբանութենէն առաջինը եւ Ֆրանսիս անունը առաջինը առնող պապն է՝ Ս. Ֆրանսիս (Ֆրանչեսկոս) Ասիզացիի անունով:

Իր համեստութեամբ ծանօթ նոր պապը իր առաջին ելոյթին ընթացքին Ս. Պետրոս տաճարի հրապարակին վրայ հաւաքուած հարիւր հազարաւոր ժողովուրդին կատակելով յայտնեց, որ փակարանին մասնակից կարտինալները աշխարհի միւս ծայրէն մէկը իբրեւ պապ ընտրեցին: Ան յայտնեց, որ «նախքան ձեզ օրհնելս, կը խնդրեմ, որ դուք ալ զիս օրհնէք, միասին լուր աղօթենք, եւ նշեց որ աշխարհ պէտք է սիրոյ ճամբով ընթանայ:

Նոր պապը, 7 տարիներ առաջ, Հայոց Ցեղասպանութեան 91ամեակի նշումին առիթով, իր խօսքը ուղղած էր Թուրքիոյ, պահանջելով Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը՝ «Օսմանեան Թուրքիոյ կողմէ հայերուն եւ համայն մարդկութեան հանդէպ իրագործուած մեծագոյն ոճրագործութեան համար»: