Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը Միացեալ Նահանգներու նոր նշանակուած արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրիին կոչ ուղղած է մինչեւ Ապրիլ 24 հանդիպում ունենալու ամերիկահայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ եւ քննարկելու հայ-ամերիկեան յարաբերութիւններուն առնչուող հարցեր:

«Ասպարէզ» կը հաղորէ թէ Յանձնախումբի նախագահ Քեն Խաչիկեան Քերրիին յղած իր նամակին մէջ շնորհաւորած է անոր արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնին նշանակումը, ընդգծելով, որ իրենք կ՛ակնկալեն շարունակել Քերրիի հետ համագործակցութիւնը այն հարցերուն շուրջ, զորս արտաքին գործոց նախարարը բարձրացուցած է Ծերակոյտին մէջ աշխատելու տարիներուն (ամրապնդել հայ-ամերիկեան յարաբերութիւնները, ապահովել Լեռնային Ղարաբաղի անվտանգութիւնը, պաշտպանել Սուրիոյ հայերը եւ քրիստոնեաները, վերջ տալ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման դէմ Թուրքիոյ քարոզարշաւին):