Արամ Արք. Աթէշեան Պոլսահայութեան Հարցերը Ներկայացուցած Է Մերքելին

Փետրուար 25ին, Թուրքիոյ կառավարութեան շէնքին մէջ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի եւ Գերմանիոյ անոր պաշտօնակից Անկելա Մերքելի միջեւ հանդիպման մասնակցած են նաեւ Թուրքիոյ կրօնական փոքրամասնութիւններու առաջնորդները:

Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանը կը տեղեկացնէ, թէ իբրեւ հայ համայնքի ներկայացուցիչ՝ ժողովին մասնակցած է պատրիարքարանի ընդհանուր փոխանորդ Արամ արք. Աթէշեանը, որ Հայոց պատրիարքարանին եւ Հայ համայնքին անունով անդրադարձած է պոլսահայ համայնքը յուզող խնդիրներու: Աթէշեան ընդգծած է, որ Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանը զուրկ է իրաւաբանական կարգավիճակէ՝ անդրադառնալով նաեւ անկէ բխող խնդիրներուն: Արքեպիսկոպոս Արամ Աթէշեան նոյն գիշեր Անգարայէն Պոլիս վերադարձած է:

Պոլիս Լոյս տեսաւ «Պտոյտ մը հայոց լեզուի բառարաններուն մէջ»ի  Բ. հատորը

Վերջերս  հրատարակուեցաւ «Մարմարա» օրաթերթի խմբագրապետ  Ռոպեր Հատտէճեանի «Պտոյտ մը հայոց լեզուի բառարանին մէջ» շարքին երկրորդ հատորը, որ կ՛ընդգրկէ այս երկարաշունչ «պտոյտ»-ին 83-րդ յօդուածէն մինչեւ 164-րդ յօդուածը: Նախաբանին մէջ Ռ. Հատտէճեան գրած է, թէ երկրորդ հատորով կը շարունակէ այն օրհնեալ պտոյտը, որուն առաւօտ մը ձեռնարկած է մեր բառարաններու էջերուն մէջ՝ առանց գիտնալու, թէ որքան հեռու պիտի երթար: Ան  յայտնած է, թէ պտոյտին նպատակն է օրհնութիւններ տեղացնել բոլոր այն երանելիներուն վրայ, որոնք դարերու ընթացքին ձեւաւորեր, հարստացուցեր ու գործածեր են մեր մայրենին՝ զայն հասցընելով աշխարհի քանի մը ամէնէն կատարելագործեալ լեզուներու մակարդակին: Իր կարգին, «Մարմարա» օրաթերթը գրած է, թէ այս շրջանին, երբ արեւմտահայերէնը անտեսուած է ժողովրդական լայն խաւերու կողմէ, եւ որուն փրկութեան համար ահազանգներ կը հնչեն հայաշխարհի զանազան կողմերը, այս շարքը կու գայ շատ բան շահեցնել արեւմտահայերէնին եւ հաճելի ոճով մը ծանօթացնել մեր լեզուին ծանօթ կամ անծանօթ հարստութիւնները:

Լիբանան - «Ակօս»ի խմբագիրներէն Սարգիս Սերոբեան Լիբանան կ'այցելէ շարադրական մրցոյթի առիթով

Միջդպրոցական «Հրանդ Տինք» շարադրութեան գ. մրցումի շրջագիծին մէջ, Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի տնօրէնութիւնը 28 Փետրուարէն 3 Մարտ Լիբանան կը հիւրընկալէ «Ակօս» թերթի հայերէն բաժինի պատասխանատու խմբագիր Սարգիս Սերոբեանը: Այս առիթով գաղութին մէջ պիտի իրականանան շարք մը նախաձեռնութիւններ, որոնց ընդմէջէն քննութեան առարկայ պիտի դառնան Թուրքիոյ մէջ թաքուն հայերու իրավիճակը, մամուլը, Արեւմտահայաստանի հարցը, «Ակօս» թերթին իրավիճակը, Տինքի սպանութենէն ետք արձանագրուած փոփոխութիւնները եւ այլ խնդիրներ: Ան պիտի ծանօթանայ տարբեր կառոյցներուն, տեսակցութիւն պիտի ունենայ Մեսրոպեանի աշակերտներուն հետ եւ զեկուցաբերը պիտի ըլլայ մամլոյ ասուլիսի մը, որ «Ազդակ» օրաթերթի եւ Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի «Ս. Գրիգոր Նարեկացի» կեդրոնին հետ պիտի կազմակերպուի. նիւթը՝ «Ակօս թերթը եւ թաքուն հայերու երեւոյթը»։

 

Վրաստան - Համերգ

Վիրահայոց թեմի «Հայարտուն» մշակոյթի կեդրոնի մէջ սուրիահայերու օգնութեան նուիրուած բարեսիրական համերգ տեղի ունեցաւ Նինա Կարապետեանի եւ Հենրիխ Պետրոսեանի մասնակցութեամբ։