Ֆրանսայի Հայ Դատի գրասենեակը դատ բացած է Ֆրանսայի խորհրդարանին մէջ Չորեքշաբթի, Փետրուար 27ին կայացած եւ «Սումկայիթի իրադարձութիւնները 25 տարի ետք. Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի ներկայ իրավիճակը եւ ապագայ հեռանըկարները» խորագիրը կրող ոգեկոչման արարողութեան ընթացքին լկտի վարք դրսեւորած երկու ատրպէյճանցիներուն դէմ:

Ֆրանսայի Հայ Դատի գրասենեակի ղեկավար Հրաչ Վարժապետեանը նշած է, թէ դատական պահանջը՝ «ֆիզիքական, բարոյական եւ արտայայտման վայրագութեան» ձեւակերպման ներքեւ, արդէն իսկ ներկայացուած է դատարան: Ան ըսած է, որ ձեռնարկին ընթացքին, որուն ներկայ գտնուած են մեծաթիւ ֆրանսացի երեսփոխաններ, երկու հոգի ոտքի չեն կեցած յարգելու համար ջարդերու զոհերուն յիշատակը, եւ աւելի՛ն, յայտարարած են, թէ իրենք կը յարգեն միայն Խոջալուի ենթադրեալ ջարդերու զոհերուն յիշատակը: Յայտնի դարձած է, որ այդ երկու անկոչ հիւրերը ատրպէյճանցի են, ապա իրարանցում ստեղծուած է:

Ֆրանսայի խորհրդարանի անդամ Ֆրանսուա Ռոշպլուան, դիմելով ատրպէյճանցիներուն՝ անոնց արարքը անարգանք որակած է զոհերու յիշատակին եւ Ֆրանսայի խորհրդարանին՝ բարձրաձայն ոտքի հրաւիրելով զանոնք:

Վարժապետեան եւս անձնապէս հրաւիրած է զանոնք զգաստանալու եւ յարգելու ձեռնարկին նպատակը: Ֆրանսական ոստիկանութիւնը միջամտած է միջադէպին:

Վարժապետեան կարեւոր համարեց այն հանգամանքը, թէ ֆրանսական ոստիկանութեան կողմէ հաստատուած է, որ կատարուածը Ատրպէյճանի դեսպանատան նախաձեռնութեան հետեւանք էր: «Դէպքէն 5 վայրկեան չանցած՝ Ատրպէյճանի դեսպանը եւ անոր անձնակազմը յայտնուեցան խորհրդարան՝ դիւանագիտական բողոք բարձրացնելու համար», ըսած է Վարժապետեան՝ աւելցնելով, որ ատրպէյճանական լրատուամիջոցները այս դէպքէն միայն քանի մը վայրկեան ետք ողողած են խորհրդարանի շրջակայքը: «Փարիզի մէջ ամենակարճ ճանապարհորդութիւնը առնուազն 30 վայրկեան կը տեւէ: Արագ լուր ստանալու եւ ժամանելու համար, առնուազն մէկ ժամ պէտք էր», նկատել տուած է Վարժապետեան:

Ձեռնարկը կազմակերպուած էր Ֆրանսայի Հայ Դատի յանձնախումբին կողմէ: