ՊԱՔՈՒ.- Ատրպէյճանական «Թրենտ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Հունգարիոյ շարք մը  պաշտօնատարներ մօտիկ ապագային պիտի այցելեն Ատրպէյճան: Մարտ 11-14ին, Պաքու պիտի ժամանէ պատւիրակութիւն մը՝ Հունգարիոյ գիւղատնտեսութեան զարգացման նախարար Կիւլա Պուտայի ղեկավարութեամբ: Պատուիրակութիւնը, որուն կազմին մէջ պիտի

ըլլան պետական մարզի եւ  առեւտուրի ներկայացուցիչներ, պիտի մասնակցի ատրպէյճանա-հունգարական միջկառավարական յանձնախումբի գիւղատնտեսական ենթայանձնախումբի առաջին հանդիպումին: Նաեւ, Մարտ 15-17ին, Ատրպէյճան պիտի այցելէ Հունգարիոյ ազգային տնտեսութեան նախարար Փալ Վելներ, իսկ մօտիկ ապագային՝ տնտեսական զարգացման նախարար Նեմեթ Լասլոնէ: Հունգարացիները հետաքրքրուած են «Նապուքօ Ուեսթ» ուժանիւթի փոխադրութեան ծրագրով։ Ատրպէյճանի եւ Հունգարիոյ տնտեսական սերտ համագործակցութիւնը թափ ստացաւ հայ սպան կացինահարած ոճրագործ  Սաֆարովի՝ Հունգարիոյ կողմէ Ատրպէյճանի արտայանձնումին հետեւանքով: