Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Սպիտակ Տունը մերժած է իր կայքէջին վրայ տեղադրել ազերիներու կոչը, հակառակ որ 100.000է աւելի անհրաժեշտ ստորագրութիւնները հաւաքուած էին։ Ատրպէյճանցիները իրենց կոչին մէջ կը պահանջէին «Սպիտակ Տունը յայտարարութեամբ մը հանդէս գայ եւ դատապարտէ Խոջալուի դէպքերը, ապա նաեւ՝ պատշաճ ուշադրութիւն դարձնէ այն հանգամանքին, թէ ատրպէյճանական տարածքներու 20 առ հարիւր տոկոսը գրաւուած է Հայաստանի կողմէ»։ Թէեւ այս գրութեան տակ հաւաքուեցան անհրաժեշտ եղող 100 հազարէ աւելի ստորագրութիւնները, այսուհանդերձ Սպիտակ Տունը իր կայքէջին մէջ պիտի չհրատարակէ գրառումը։ Պաշտօնական Ուաշինկթընի կողմէ որպէս պատասխան գրուած է հետեւեալը.¬ «Շնորհակալութիւն ձեր տեսակէտները Սպիտակ Տան հետ կիսելու համար: Մենք նախագահական մակարդակով յայտարարութիւն պիտի չընենք, թէեւ Միացեալ Նահանգները խորապէս կը ցաւին Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ տեղի ունեցած պատերազմի ողբերգական զոհերու համար: Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան ռազմական լուծումը կարելի չէ, եւ միայն հարցի երկարատեւ ու խաղաղ կարգաւորումը կրնայ տարածաշրջանին կայունութիւն, բարգաւաճում եւ հաշտեցում բերել: Որպէս ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահ, Միացեալ Նահանգները կը շարունակեն հաւատարիմ մնալ խաղաղութիւն հաստատելու ուղղութեամբ բոլոր կողմերու հետ աշխատելու սկզբունքին»: