Թանկագին գոհարեղէններու եւ հայ ոսկերիչներու տաղանդաւոր ստեղծագործութեան կողքին ցուցադրուեցաւ 15 միլիոն արժէքով աշխարհի մեծագոյն դեղին անդամանդը

Փարիզէն լրագրող Ժան Էքեան կը հաղորդէ թէ Փետրուար 16-18 «Ինթերքոնթինենթալ» պանդոկէն ներս կայացաւ Հայ Ոսկերիչներու Միութեան (AJA) ցուցահանդէսը։

Ցուցահանդէսին մասնակցեցան Սփիւռքէն ու Հայաստանէն 23 հայ ոսկերիչներ, որոնք ներկայացուցին իրենց լաւագոյն ստեղծագործութիւնները, ապահովութեան շատ խիստ պայմաններու տակ։

Յունաստանէն կը մասնակցէր «Օրոֆազմա» ոսկերչական ընկերութիւնը։

Հայ Ոսկերիչներու Միութեան աշխատանքները կը ձգտին նպաստել Հայաստանի մէջ ոսկերչութեան բնագաւառի զարգացման, աշխատանքի ապահով պայմաններ ստեղծելով բազմաթիւ հայ վարպետներու համար։

Նիւ Եորքէն Յակոբ Պարտաղլեանի պատկանող 110 քարատ ադամանդաքարով մատանի մը գրաւեց բոլորի հետաքրքրութիւնը։ Աշխարհի մեծագոյն դեղին ադամանդով կազմուած մատանիի արժէքը կը գնահատուի 15 միլիոն տոլարի։ Տուեալ ադամանդաքարի հետ կապակցուած հետեւեալ պատմութիւնը կայ։ Այս դեղին ադամանդը՝ իր տիրոջ անունը կը կրէ Cullinan։ Ադամանդը փոխադրուեցաւ Հարաւային Ափրիկէէն 1907-ին, անգլիացի թագաւոր Էտուարտ 7-րդի թագի զարդերուն մաս կազմելու համար։ Հետագային, զանազան հանգրուաններէ անցնելով, հասաւ հայկական ապահով ձեռքերու մէջ։ Ադամանդը աշխատուեցաւ 9 ամսուայ ընթացքին՝ 200-է 110 քարատի մաքուր գեղեցկութեան հասնելով։

Հայ Ոսկերիչներու Միութիւնը հիմնադրուած է Երեւանի մէջ 1997 թուականին։ Վերջին տասնհինգ տարիներուն ընթացքին AJA յաջողած է հայկական մասնագիտական ընկերակցութիւններու առաջնակարգը հանդիսանալ։ Միութեան պատկանող անդամները երկկողմ գործարար կապեր մշակած են, համատեղ ձեռնարկութիւններով եւ միջազգային ցանցի օգտագործումով։ AJAի նախագահն է Գագիկ Գէորգեանը։