Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ա. Տաւութօղլու Փարիզ այցելեց: Ան առանձին տեսակցութիւններ ունեցած է ֆրանսացի եւ անգլիացի իր պաշտօնակիցներուն՝ Լ. Ֆապիիւսի եւ Ու. Հէկի հետ:

Ինչպէս նախապէս յայտարարուած էր, Ֆապիիւս եւ Տաւութօղլու այլ հարցերու կարգին, խօսած են յատկապէս Եւրոպական Միութեան Թուրքիոյ անդամակցութեան խնդիրներուն մասին: Տեսակցութենէն ետք, Ֆապիիւս ըսած է. “Բոլոր գործօնները, ի շարս որոնց տնտեսական, քաղաքական եւ մշակութային, կը նպաստեն երկկողմ յարաբերութիւններու աշխուժացման”: Աւելցուցած է նաեւ որ նոր բանակցութիւններ պիտի սկսին Եւրոպական Միութեան՝ Թուրքիոյ անդամակցութեան մասին: Իսկ թուրք նախարարը, բաւական գոհ, յայտարարած է. “Ֆրանսական իշխանութիւնները պաշտօնապէս յայտարարեցին իրենց ուղղութեան փոփոխութեան մասին, ի նպաստ՝ Թուրքիոյ անդամակցութեան”: Այս վերջին զարգացումները եւ Տաւութօղլուի վերոնշեալ խօսքերը բնականաբար մեծ խանդավառութիւն ստեղծած են Թուրքիոյ մէջ: Թուրք մամուլն ալ լայն տեղ կը յատկացնէր նիւթին:

 
CCAF ԿԸ ԴԱՏԱՊԱՐՏԷ

Ֆրանսահայ կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդը (CCAF) հաղորդագրութեամբ մը կը դատապարտէ Լօռան Ֆապիիւսի դրական ազդանշանը Թուրքիոյ ուղղութեամբ, ցաւ կը յայտնէ ի տես Ֆրանսայի համաձայնութեան՝ այդ երկրին Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան գծով նոր էջ մը բանալու մասին: Կ’ըսուի թէ այս զարգացումը աւելի մտահոգիչ կը դառնայ մանաւա՛նդ եթէ նկատի առնուի որ այդ երկիրը ազատութիւններու բռնաբարման ծանր շրջան մը կը բոլորէ. լրագրողներ եւ փաստաբաններ կը ձերբակալուին, Փընար Սէլէք կը դատապարտուի ցկեանս բանտարկութեան, ֆրանսահպատակ թուրք ուսանողիին դէմ 21 տարի բանտարկութիւն կը պահանջուի…: Այնքան ծանրակշիռ իրավիճակ մըն է որ, կ’ըսէ CCAF, Եւրոպայի Խորհուրդի ընդհ. քարտուղար Թորպորն Եագլանտ Փետրուար 6ին Թուրքիա իր այցելութեան ընթացքին ստիպուեցաւ խիստ դատապարտումներ կատարելու այդ երկրին մէջ մարդկային իրաւանց ոտնակոխումներուն նկատմամբ: Հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի նաեւ թէ ֆրանսական կառավարութեան վրդովեցուցիչ այս քայլը կը կատարուի նաեւ Թուրքիոյ մէջ փոքրամասնութիւններու դէմ ցեղապաշտութեան եւ բռնութիւններու զուգադիպող շրջանի մը: