Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետի կոչերուն եւ պատգամներուն ընդառաջ, համայն հայութիւնը եկեղեցական թէ միութենական ներկայացուցիչներով ու ժողովուրդի լայն մասնակցութեամբ դրամահաւաքներ կազմակերպեց՝ սուրիական տագնապին մէջ իրենց հայ

ազգակիցներուն օգնութեան հասնելու համար: Այն գումարները, որոնք ընդհանրապէս Սուրիայէն դուրս գտնուող անհատական կամ հաւաքական ճիգերով կատարուած նուէրներ են եւ որոնք վեհափառ հօր կողմէ սուրիահայութեան օգնութեան համար բացուած դրամատնային հաշիւին յանձնուեցան, հան գրուանային ձեւով փոխադրուեցան Բերիոյ հայոց թեմի Ազգային առաջնորդարան եւ տրամադրուեցան ու կը շարունակուին գործածուիլ մեր ժողովուրդի կարիքներուն համար: Ընդհանրապէս գումարները սուրիահայութեան շտապ օգնութեան եւ վերականգնումի մարմինին կողմէ մշակուած համապատասխան յատուկ ուղեցոյցով եւ ժողովական հաստատումով կը բաշխուին ըստ անհրաժեշտութեան՝ սննդեղէնի, առողջապահական եւ բնակարանային կարիքներու համար, որոնց մանրամասնեալ տեղեկատուութիւնը մարմինին պատասխանատուութեամբ օրին կը հրապարակուի: Բացառութեան կարգով արձանագրենք, որ Նոր Տարուան եւ Ս. Ծննդեան տօներուն, մէկ անգամուան համար, դրամական նուէրներ բաշխուեցան կարիքաւոր 5072 ընտանիքներու:
Արդարեւ, ժամանակագրական ընթացքով կը ներկայացնենք ցայսօր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ճամբով յատկացուած դրամական օգնութիւնները.-
ա.- Վեհափառ հայրապետ   զ.- Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան շրջան
բ.- Սպահանի հայոց թեմ     է.- Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան շրջան
գ.- Քուէյթի եւ Ծոցի երկիրներու հայոց թեմ
     ը.- Իրաքի հայոց թեմ
դ.- Անգլիա                  թ.- Քանատայի շրջան
ե.- Թեհրանի հայոց թեմ            ժ.- Անհատներ կամ հաստատութիւններ
ժա.- Ատրպատականի թեմ
Ցայսօր հաւաքուած ընդհանուր գումարն է՝ 1.019.663.48 Ա.Տ., որուն 658.484 Ա.Տ.-ը  Բերիոյ հայոց թեմի Ազգային առաջնորդարանին ճամբով փոխանցուած է մարմինիս:


Ի ԴԻՄԱՑ՝
ՍՈՒՐԻԱՀԱՅՈՒԹԵԱՆ
ՇՏԱՊ ՕՆՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՈՒՄԻ ՄԱՐՄԻՆ