ԱՆԹԻԼԻԱՍ - Տեառնընդառաջի տօնին առիթով, հաւատացեալներու եւ յատկապէս ծնողներու ու մանուկներու հսկայ բազմութեամբ լեցուն էր Անթիլիասի Մայրավանքը: Ծնողներ եկած էին իրենց զաւակներուն հետ, մասնակից դառնալու Յիսուս Մանուկի քառասնօրեայ Տաճար ընծայումի խորհուրդին:


Շրջապատուած Միաբան Հայրերով, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս նախագահեց Մայր Տաճարին մէջ նախատօնակի հոգեպարար արարողութեան ու ապա իր հայրապետական պատգամը փոխանցեց հաւատացեալներուն:
Առաջին հերթին Վեհափառ հայրապետը ողջունեց հոծ բազմութեան ներկայութիւնը Մայրավանքէն ներս եւ ապա անդրադարձաւ Աւետարանական դրուագին, ուր նկարագրուած է թէ ինչպէս Յիսուսի ծնողքը, հետեւելով եբրայական աւանդութեան, իրենց զաւակին ծննդեան քառասնօրեայ շրջանին, տարին զԻնք տաճար՝ Աստուծոյ ընծայելու համար։ Ապա, Նորին Սրբութիւնը ընդգծեց երկու գլխաւոր կէտեր.- «1) Մօր դաստիարակիչ հոգածութիւնը իր զաւակին նկատմամբ։ Սուրբ Աստուածածինը, լոկ աւանդութիւնը յարգելու համար չէր, որ այդ մէկը կը կատարէր, այլ՝ այդ աւանդութենէն բխող հոգեւոր ու բարոյական արժէքներով ուզեց դաստիարակել իր զաւակը։ Աւանդութիւնը կը դառնայ անիմաստ, երբ որեւէ մէկ խորհուրդ, պատգամ եւ կամ արժէք չի՛ փոխանցեր իր շրջապատին։ Այնպէս ալ այսօր, մեր եկեղեցւոյ աւանդութիւնները յարգելով, մենք մեր զաւակները կը կրթենք մեր բարոյական, հոգեւոր ու ազգային արժէքներով։ 2) Մայրը մեծագոյն ու մնայուն դաստիարակն է իր զաւակին։ Այսպէս եղաւ Սուրբ Մարիամ Աստուածածինը, միշտ մնալով իր զաւակին՝ Յիսուսի կողքին։ Այդպէ՛ս պէտք է ըլլայ Հայ մայրը։ Ան իր զաւակին առաջին ու մնայուն դաստիարակն է։ Դպրո՛ց է Հայ մայրը, որուն միշտ պէտք է աշակերտի իր զաւակը։ Ներկայ դժուար ժամանակներուն մէջ, երբ մեր զաւակները ապականիչ եւ այլասերիչ հովերու ու փոթորիկներու դիմաց կը գտնուին, կրկնապատկուած է Հայ մօր դերը, որպէս դաստիարակիչ իր զաւակներուն»։ Ապա Վեհափառ հայրապետը անդրադարձաւ նաեւ 2013-ը «ՀԱՅ ՄՕՐ» տարի հռչակելու նպատակին, եւ շեշտեց Հայ մօր կարեւոր դերակատարութիւնը մեր եկեղեցական-ազգային կեանքէն ներս, որպէս ապագայ սերունդներուն առաջին ու մնայուն դաստիարակիչը։ 
Տեառնընդառաջի արարողութենէն ետք, հայ եկեղեցւոյ դարաւոր աւանդութեան համաձայն, Վեհափառ հայրապետը Մայրավանքի շրջաբակէն ներս վառեց աւանդական խարոյկը: Ապա Միաբան Հայրերն ու Դպրեվանեցիները հոգեւոր ու ազգային երգերով խանդավառեցին ներկայ ժողովուրդը: Աւարտին, հազարաւոր հայորդիներ իրենց վառած մոմերը որպէս օրհնութիւն տարին իրենց տուները: