«Թուրքիոյ  բռնատիրական վարչակարգէն եկած են դրական ազդանշաններ» կը հաւատայ Ֆապիւս

Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութեանց գործունէութիւնը համակարգող խորհուրդը (CCAF) խստօրէն դատապարտեց արտաքին գործոց նախարար Լորան Ֆապիւսի Փետրուար 12ին կատարուած այն յայտարարութիւնը, ուր կը դրուատուէին «Թուրքիոյ բռնատիրական վարչակարգէն եկած դրական ազդանշանները»:

Ֆրանսահայ անկախ լրագրող Ժան Էքեանի համաձայն՝ ֆրանսահայութիւնը իր ափսոսանքը կը յայտնէ  յատկապէս, որովհետեւ Փարիզ որոշած է համաձայն գտնուիլ Թուրքիոյ եւ Եւրոմիութեան միջեւ բանակցութիւնները ընդարձակելու հարցին, մինչ Թուրքիոյ մէջ ազատութիւններու լուրջ խախտումները կը շարունակուին:

«Ֆրանսայի կառավարութեան այս ապշեցընող որոշումը կու գայ այն միջոցին, երբ Թուրքիոյ մէջ փոքրամասնութիւններու վրայ յարձակումները սաստացած են: Հայ կանանց սպանութիւնները, քիւրտերու դէմ բռնութիւնները, Յունուար 9ին Փարիզի մէջ երեք քիւրտ գործիչներու սպանութիւնը, որուն ետին կանգած են թրքական յատուկ սպասարկութիւնները, քանի մը օրինակներ են այդ բռնարարքներէն», գրուած է յայտարարութեան մէջ, ուր նաեւ կը նշուի, թէ Փարիզի այս կեցուածքը կը հակասէ Ֆրանսայի նախագահի դիրքորոշման: