Շատ զօրաւոր ցնցում յառաջացուց Պենետիքթ ԺԶ. պապի հրաժարման մասին անակնկալ յայտարարութիւնը։ Ան յայտնեց թէ որոշած է հրաժարիլ իր պաշտօնէն, որովհետեւ տարիքի յառաջացումով՝ ֆիզիքական եւ մտային կարողութիւնը չունի իր պաշտօնը լիուլի կատարելու:
Հակառակ այն իրողութեան, որ եկեղեցւոյ պաշտօնատարները կը փորձէին այն տպաւորութիւնը ձգել, թէ կացութիւնը հակակշիռի տակ է, որոշումը կրնայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ պատմութեան մէջ ամէնէն անկայուն եւ անորոշ ժամանակահատուածը պատճառել:
85ամեայ գերմանածին պապը յայտնեց, թէ Փետրուար 28ին, երեկոյեան ժամը 8ին պիտի հեռանայ իր պաշտօնէն: Ան մօտաւորապէս 8 տարի առաջ պապ ընտրուեցաւ. իր պաշտօնավարութեան օրերուն, եկեղեցին դիմագրաւեց երեխաներու սեռային չարաշահումներու գայթակղութիւնը, ինչպէս նաեւ իսլամներու եւ հրեաներու հետ սուր տարակարծութիւններ: Վատիկանէն կը վկայեն, որ կարդինալ Եոզեֆ Ռատցինկերի ընտրութիւնը մահմետականներու շրջանակներէն ներս մտավախութիւն կը յառաջացնէ: Յիշեցնենք, որ Յովհաննէս Պօղոս պապը աննախադէպ քայլերու ձեռնարկած էր իսլամական աշխարհի հետ յարաբերութիւնները հարթելու ուղղութեամբ: Սակայն անոր յաջորդ՝ Պենետիքթ պապը պահպանողական վերաբերմունք ցոյց տուած էր իսլամական աշխարհի հետ երկխօսութեան զարգացման: Կաթողիկէ աշխարհի այս առաջնորդը յատկապէս դէմ եղած է մշակոյթներու ձուլման, եւ նոյն այդ պատճառով ալ դէմ արտայայտուած էր Եւրոպական միութենէն ներս Թուրքիոյ անդամակցութեան՝ յիշեցնելով, որ 70 միլիոն բնակչութեամբ մահմետական երկրի մուտքը եւրոպական ընտանիք՝ յղի է վտանգներով: Եոզեֆ Ռատցինգեր մի քանի առիթներով դրսեւորած էր հակաթուրք կեցուածքներ, երբ Միւնիխի եպիսկոպոսութեան շրջանին, հակառակ Անգարայի ճնշումներուն, ան նախապատրաստած էր Ամենայն Հայոց կաթողիկոս Վազգէն Առաջինի այցելութիւնը Գերմանիա:
Աշխարհի մօտաւորապէս 1.2 միլիառ կաթողիկէներու հոգեւոր առաջնորդը յոյս յայտնեց, որ մինչեւ տարուան Ծաղկազարդը (Մարտ 24) կարելի կ՛ըլլայ նոր պապ մը ընտրել, որպէսզի այս Զատիկին լեցնէ պապի թափուր աթոռը:
Վերջին 700 տարիներուն ընթացքին, Պենետիքթ ԺԶ. պապը կը հանդիսանայ առաջին պապը, որ իր պաշտօնէն կը հրաժարի: