Փաստաբան Ֆիլիփ Գրիգորեան կը տեղեկացնէ, թէ իր հեղինակած բնագրին հիման վրայ՝ Պուշտիւ-Ռոնի երեսփոխանուհի Վալերի Պուայէ եւ իր հինգ պաշտօնակիցները Ազգային Ժողովին ներկայացուցած են Ժխտողականութեան պատժելիութեան մասին օրէնքի նոր բանաձեւ մը (թիւ 690):

Այս նոր բանաձեւը Եւրոպական Միութեան 2008 Նոյեմբեր 28 թուակիր Շրջանակ-որոշումին պատշաճեցումն է ֆրանսական օրէնսդրութեան. ան կը նախատեսէ ժխտողականութեան դէմ պայքար՝ պատժական օրէնքով:

Ըստ Ֆ. Գրիգորեանի՝ նշեալ Շրջանակ-որոշումին պատշաճեցումը կրկնապէս ստիպողական է սահմանադրականօրէն. նախ՝ ըստ ֆրանսական Սահմանադրութեան յօդ. 88-1ին, ապա նաեւ Եւրոպական Միութեան օրէնսդրութեան առումով:

Բանաձեւը ներկայացնող միւս հինգ ե-րեսփոխաններն են՝ Օլիվիէ Օտիպէռ-Թրուէն, Մարսէլ Պոնօ, Շառլ տը լա Վէրփիլիէռ, Կի Թէսիէ եւ Տոմինիք Թիան:

Պուայէի եւ Գրիգորեանի համատեղ հեղինակած Ցեղասպանութեան ուրացման քրէականացման մասին նախորդ օրինագիծը վաւերացուած էր Ֆրանսայի խորհրդարանին եւ Ծերակոյտին կողմէ, սակայն հանրապետութեան նախագահին կողմէ ստորագրուելէ առաջ՝ հակասահմանադրական նկատուած էր երկրի Սահմանադրական խորհուրդին կողմէ: Նախորդ օրինագիծով սահմանուած պատիժը մէկ տարուան բանտարկութիւն կամ 40,000 եւրօ տուգանք էր:

Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլանտ քանի մը առիթներով խոստացած է Հայկական Ցեղասպանութեան ուրացումը քրէականացնող նոր օրէնքը ստորագրել:

 Ի՞նչ պիտի ըլլայ նախագահ Հոլանտի կեցուածքը

Նախագիծին մասին «Report.am»ը հարց տուած է ՀՅԴ Հայ Դատի եւ քաղաքական հարցերով գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեանին՝ ըսելով. «Նոյն անձի կողմից ներկայացուած օրինագիծը արդեօ՞ք իր նախորդի ճակատագրին չի արժանանայ՝ չնայած Ֆրանսայի նախագահ Հոլանդը, ինչպէս եւ իր նախորդը, այդ օրինագիծը հաստատելու պատրաստակամութիւն են յայտնել»:

Մանոյեան պատասխանած է. «Ասեմ, որ Ֆրանսայի հայ համայնքի կազմակերպութիւնների համակարգող խորհուրդը, որի կազմում են նաեւ Հայ Դատի Ֆրանսիայի յանձնախումբը եւ հայ համայնքի կազմակերպութիւնների համակարգող խորհուրդը, յստակ ասել է՝ ցանկալի չէ, որ այսօր այդ օրինագիծը ներկայացուի ընդդիմադիր պատգամաւորի կողմից, որպէսզի հարցը չքաղաքականացուի: Նաեւ տեղեկացրել են, որ իրենք արդէն աշխատում են մի նախագծի վրայ, որը կ՛անդրադառնայ այն հարցերին, որոնք Սահմանադրական խորհուրդը գտել էր խոցելի: Համակարգող խորհուրդը ճիշդ է համարել աշխատելը Ելիսէյեան պալատի (Ֆրանսայի նախագահական պալատ) աշխատակազմի հետ, որպէսզի Ֆրանսիայի նախագահը խոստումը կատարի, այլ ոչ թէ անտեսի»: