Ընդառաջելով իր դիմումին ՀՄԸՄ-ՀԵՄի վարչութիւնը հիւրընկալեց նախագահական թեկնածու Նիքոս Անասթասիատիսը, որ փափաքած էր իր ծրագիրներուն եւ առաջադրանքներուն մասին խօսիլ կիպրահայութեան ու յատկապէս միութեան անդամներուն:

Պրն. Անասթասիատիս ակումբ ժամանեց, ընկերակցութեամբ բազմանդամ պատուիրակութեան մը, որոնց մէջ էին նախկին նախարարները, Սթրովոլոսի քաղաքապետ Լազարոս Սաւիտիս, հայութեան ջերմ բարեկամ եւրոերեսփոխաններ Եանիս Քասուլիտիս եւ Էլէնի Թէոխարուս (Էլէնի Թէոխարուս նաեւ նախագահն է վերջերս Պրիւքսելի մէջ հիմնուած Եւրոպական Միութիւն-Հայաստան խորհրդարանական բարեկամութեան խմբակին):

Կիպրոսի Հայ Դատի Յանձնախումբին կողմէ խօսք ուղղեց Վարդենի Գասապեան, որ համառօտ ներկայացուց Հայ Դատի եւ համահայկական առաջադրանքներու հարցերը, այս բոլորին մէջ նշելով կիպրահայ միաւորներուն մասնակցութեան բաժինը:

Յաջորդ խօսողն էր ՏԻՔՕ կուսակցութեան նախագահ Մարիոս Կարոյեան, որ յայտնեց թէ իր կուսակցութիւնը որոշած է զօրակցիլ Անասթասիատիսի թեկնածութեան, նկատի առնելով թէ Կիպրոսի դիմագրաւած այս դժուար պահուն՝ անհրաժեշտ է միասնականութիւնը:

Վերջին խօսողն էր Նիքոս Անասթասիատիս, որ թուեց այն բոլոր մեծ խնդիրները, որոնց դէմ յանդիման պիտի գտնուի նորընտիր նախագահը: Պատասխանելով Հայ Դատի յանձնախումբի նամակով իրեն ուղղուած հարցումներուն, ըսաւ հետեւեալները.-

ա) Ցեղասպանութեան ժխտումի քրէականացման հարցը Կիպրոսի համար բարդ խնդիր է, քանի ներկայիս բանակցութիւններու մէջ կը գտնուինք թրքական կողմին հետ: Սակայն Կիպրոս պիտի օժանդակէ այս հարցին նկատմամբ, հայութեան նպաստաւոր համաեւրոպական կեցուածք առաջացնելու ճիգերուն:

բ) Ապագայ Կիպրոսին մէջ ինք կիպրահայութեան կարգավիճակը կը տեսնէ որպէս «Կրօնական համայնք», փոխանակ ներկայի «Կրօնական խմբակցութեան» եւ ասիկայ իր կարծիքով զգալի յառաջդիմութիւն պիտի ըլլայ:

գ) Կիպրոսի համալսարանին մէջ հայագիտական ամպիոնի հիմնումը կարեւոր եւ անպայման իրագործելի կը նկատէ, անշուշտ տնտեսական տագնապի յաղթահարուելէն անմիջապէս ետք: Ան յոյս յայտնեց նաեւ որ «հայկական սփիւռքի մեծահարուստները» իրենց նպաստը կը բերեն այս ծրագրի իրագործման մէջ: