ՎԱՐՇԱՒԱ - Հայկական Բանակի Մասին Շարժապատկերը Կը Ներկայացուի Միջազգային Փառատօնին 

Բեմադրիչ Արշակ Զաքարեանի հայկական բանակ մեկնող տղայի եւ անոր մօր մասին պատմող «Կինը» կարճ շարժապատկերը կը մասնակցի Լեհաստանի մէջ տեղի ունեցող «Զում Զպլիզենիա» միջազգային փառատօնին, ուր առաջին փուլին մրցելով 451 ժապաւէններու հետ ընդգրկուած է 114 լաւագոյններու ցուցակին մէջ։ «Կինը» կը մասնակցի փառատօնի վերջնական մրցանակային փուլին:

Շարժապատկերի բեմագիրը հիմնուած է իրական պատմութեան վրայ: Շարժապատկերին մէջ օգտագործուած են զոհուած ազատամարտիկներու անձնական իրեր, իսկ որոշ դերեր մարմնաւորած են արցախեան պատերազմի մասնակիցներ:

 

ՊՈԼԻՍ - ԱՐԱ ԿԻՒԼԷՐ՝ «ԼՈՒՍԱՆԿԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԱՊՐՈՂ ԱՌԱՍՊԵԼը» 

Թրքական «Անատոլու» լրատու գործակալութեան 2012ի լաւագոյն լուսանկարի ընտրութեան մասնակցած է նաեւ թրքահայ աշխարհահռչակ լուսանկարիչ Արա Կիւլէր:

«Անատոլու» գործակալութիւնը մրցումին մասին իր լրատուութեան մէջ, հայ վարպետը անուանած է «լուսանկարչութեան ապրող առասպելը»: Կիւլէր, մրցումին ներկայացուած 36 լուսանկարներէն քուէարկած է ի նպաստ՝ Պանկլատէշի մէջ աղօթող մահմետական երեք երախաներու նկարին:

Քուէարկութեան դրուածներուն մէջ է նաեւ հատ մը, ուր Թուրքիոյ վարչապետ Էրտողան կը լուսանկարէ Արա Կիւլէրը, մրցանակաբաշխութեան մը ընթացքին:

Իր գործերու կեդրոնը միշտ գրաւած են երեխաները, ձկնորսները, աշխատող մարդիկ։ Տարբեր անուններով ան ծանօթ դարձած է հանրութեան՝ «Պոլսոյ աչք», «100-ամեակի լաւագոյն լուսանըկարիչ», «անգերազանցելի ֆոթոպատմաբան»: Իր լուսանկարներուն մէջ կան անմահացած շատ պահեր, որ կը պատմեն մարդոց կեանքի մասին։

Իր իսկ խօսքերով, Արա Կիւլէր աշխարհը կը տեսնէ ֆոտոխցիկի միջոցաւ, պատկերելով           կեանքը՝ այնպէս ինչպէս որ է:

Ով որ չէ տեսած Պոլիսը, անպայման կը սիրահարուի այս քաղաքին, Կիւլէրի լուսանկարներու իւրայատուկ անկեղծութեան ու ջերմութեան շնորհիւ: «Շատ բան փոխուած է, Պոլիսը կորսընցուցած է իր գոյնը. ես միշտ կը փնտռեմ իմ մանկութեան քաղաքը»,- թախիծով կը նշէ մեծանուն լուսանկարիչը։

Շուրջ 800 հազար ակնթարթ ինկած է իր թակարդը, իւրայատուկ պատմութիւններ պատմելով։