Նոր մանրամասներ հրապարակուեցան օրեր առաջ Փարիզի մէջ իրագործուած «Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան» երեք կին անդամներու սպանութեան գործի առնչութեամբ:

Կասկածեալի վերարկուին վրայ փորձաքննութեան ընթացքին յայտնաբերուեցաւ սպանության ժամանակ օգտագործուած հրացանի փամփուշտի հետք:

Կը հաղորդուի թէ կասկածեալ Օմէյ Գիւնայ անունով անձն է, որու վերարկուն քննուած է: Անոր անունը հաստատուած է նաեւ Ֆրանսայի մօտ «Քրտական միութիւններու համադաշնութեան» ղեկավար Մեհմետ Ուլքերի կողմէ: