«Հարաւային Կովկասի մէջ Վրաստանը միշտ կայունացնող դեր ունեցած է, եւ մենք միշտ փափաքած եւ ունեցած ենք լաւ յարաբերութիւններ Հայաստանի ու Ատրպէյճանի հետ:

Անոնք սովորական լաւ բառեր չեն»,- «Արմէնփրէս»ի թղթակիցի հարցումին պատասխանեց Վրաստանի նախագահ Միխայիլ Սաակաշվիլին Սթրասպուրկի մէջ, ուր Յունուար 21-ին սկաւ ԵԽԽՎ  ձմեռային նստաշրջանը:

Վրաստանի նախագահը խուսափեցաւ մեկնաբանելէ վարչապետ Բիձինա Իվանիշվիլիի՝ ՀՀ վարչապետի հետ համատեղ ասուլիսի ընթացքին՝ Յունուար 17-ին Երեւանի մէջ իր այն յայտարարութիւնը, թէ Տիգրան Սարգսեանին փոխանցեց Իլհամ Ալիեւի խօսքը՝ ԼՂ հակամարտութեան առնչութեամբ: Իսկ ատիկա արդեօք կը նշանակէ, որ Վրաստանը կը ձգտի ունենալ միջնորդի դեր՝ հարցումին Սաակաշվիլի ընդգծեց, որ ինքը տեղեակ չէ, թէ ինչ մանրամասնութիւններ քննարկուեցան:  

 
Անցեալ տարուան մէջ շուրջ կէս միլիոն հայ Վրաստան ժամանեց

Շարունակելով Հարաւային Կովկասի երկիրներուն հետ ունեցած յարաբերութիւններու նիւթը՝ Սաակաշվիլի նշեց, որ անցած տարուայ ընթացքին շուրջ կէս միլիոն հայ ժամանեց Վրաստան, իսկ ատիկա աւելին է, քան ամրագրուած է ընդհանուր արձանագրութեամբ: «Վերջին տարիներու ընթացքին մենք ոչ միայն մօտեցանք Կառավարութիւնները, այլեւ ժողովուրդներուն՝ անհետացած են բոլոր առկայ կարծրատիպերը: Մենք կրկին բացայայտեցինք միմեանց եւ ատիկա առաւել նշանակալի է, քան նախագահներու եւ կառավարութիւններու շփումը»,- ըսաւ Վրաստանի նախագահը:

Ան նաեւ նշեց, որ նոյն գործընթացը կ'իրականացուի Ատրպէյճանի հետ: «Ես վստահ եմ, որ կուգայ այն ժամանակը, երբ երեք երկիրներու պարագային նոյնը պիտի ըլլայ: Շատ լաւատեսօրէն տրամադրուած եմ»: