ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ
ԱՄՆի արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթըն խօսեցաւ Սուրիոյ դէմ Ուաշինկթընի գործադրած ճնշումներու մասին, դիտել տալով թէ Ասատի վարչակարգը պատասխանատու է 2000 մարդոց սպանութեան համար:


Միւս կողմէ Պաշար Ալ Ասատ, անտեսելով միջազգային հանրութեան դատապարտանքի խօսքերը, բողոքոքներու ձայնը կասեցնելու վճռակամութեամբ կը ներկայանայ:
ՀՌՈՄ
Իտալական մամուլի նոր հրապարակումներ կÿանդրադառնան անցեալ շաբթու ընթացքին վարչապետ Պերլուսքոնիի կազմակերպած զուարթ հաւաքոյթին, ուր հրաւիրուած էին 20 երիտասարդուհիներ: Քննադատները կÿըսեն թէ երկրին համար այս դժուար ժամակամիջոցին նոյնիսկ, վարչապետը չէ կարողացած խուսափիլ իր սովորութիւններէն...