Մի քանի տարի առաջ, Յունաստանի մէջ «Ցուքաթու» հրատարակչատունէն լոյս տեսաւ Պոլսոյ «Արաս» հրատարակչատան աշխատակից Թագուհի Թովմասեանի գիրքը «Ευλογημένο το τραπέζι  σας!»:
Դեկտեմբերի վերջաւորութեան նոյն գիրքը ֆրանսերէնի թարգմանուած՝ լոյս տեսաւ Փարիզի մէջ:

Յունահայութեան ծանօթ անձնաւորութիւն է Թագուհի Թովմասեանը որ յունարէն իր գիրքի հրատարակութեան օրերուն Աթէնք այցելած եւ ներկայ գտնուած էր գիրքի ներկայացման ձեռնարկին: Ան «Ազատ Օր»ի խմբագրութեան մօտ այցելութիւն մը տուած էր, մօտէն տեղեկանալով հայկական մամուլի աշխատանքներուն մասին, ապա իր կարգին կարեւոր տեղեկութիւններ փոխանցելով Պոլսոյ «Արաս» հրատարակչատան գործունէութեան ու հրատարակութիւններուն շուրջ:

Փարիզ իր ներկայութեան օրերուն եւս Թագուհի Թովմասեան առիթը ունեցաւ այցելելու «Նոր Յառաջ»ի խմբագրատունը, ուր զրուցեց «Արաս»ի եւ իր գիրքի մասին:

Թագուհի Թովմասեան բացատրեց, թէ «Արաս» հրատարակչատունը հիմնուած է 1993ին՝ ողբացեալ Հրանդ Տինքի, Թովմասեան եւ Մարկոսեան ընտանիքներու կողմէ: Այս նախաձեռնութեան գլխաւոր նպատակը եղած է՝ թրքախօս ընթերցողին ներկայացնել հայ գրականութիւնը: Եւ ներկայիս՝ կարելի է ըսել, թէ հրատարակչատունը մեծ մասամբ յաջողած է այդ գործին մէջ: Առ այսօր, «Արաս» հրատարակած է 132 անուն հատոր, որոնց շուրջ 50ը հայերէն է, մնացեալին մեծ մասը՝ թրքերէն. կան երկլեզու քանի մը հատորներ ալ: Թրքերէնի թարգմանութիւններուն մեծամասնութիւնը հայերէնէ կատարուած է, բայց կան նաեւ հատորներ՝ ֆրանսերէնէ եւ անգլերէնէ թարգմանուած: Այդ շարքին են Ուիլիըմ Սարոյեան, Միսաք Մանուշեան, Արա Կիւլէր, Զաւէն Պիպէռեան, Զահրատ, Մկրտիչ Մարկոսեան, Ռընէ Կռուսէ եւ դեռ շատեր:

Ներկայիս՝ «Արաս»ի անձնակազմը կը բաղկանայ 4 հոգիէ. խմբագրապետի ծանր պաշտօնը կը վարէ Արտաշէս Մարկոսեան: Իրենց կանոնաւորաբար կ'օգնեն գլխաւորաբար երեք երիտասարդներ, որոնց կապուած են ապագայի յոյսերը: Անոնց նման՝ «Արաս»ի շուքին տակ հասակ առած է, օրինակ, Ռոպէր Քոփթաշ, «Ակօս»ի ներկայ խմբագրապետը:

«Արաս» եւս, հայկական իրականութեան մէջ՝ հոսանքն ի վեր թիավարողներէն է, քանզի Թ. Թովմասեան կÿըսէ, թէ ինչպէս հայկական բոլոր հայ համայնքներու, այնպէս ալ պոլսահայ երիտասարդութեան մէջ՝ գրականութեամբ հետաքրքրուողներու թիւը շատ փոքր է, ստեղծագործողներունը՝ չնչին: