Յունական defencenet.gr կայքէջը կը հաղորդէ թէ  Սուրիոյ երկրորդ մեծագոյն քաղաքի համալսարանին մէջ բազմամարդ զոհեր պատճառած պայթումներու որպէս հետեւանք՝ Ռուսաստան յայտարարեց թէ առժամաբար կը կասեցնէ իր հիւպատոսարանի աշխատանքները։

Մոսկուայէն կը հաղորդուի թէ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարութիւն մը յղած է, ուր կը յայտնէ իր որոշումի մասին, յստակացնելով թէ հիւպատոսական ծառայութեան կարիքը ունեցող անձերը պէտք է դիմեն Դամասկոսի ռուսական դեսպանութեան։

Նշենք, որ համալսարանին մէջ պայթումներու հետեւանքով 80 հոգի սպաննուեցաւ եւ տասնեակ ուրիշներ վիրաւորուեցան։ Պայթումին համար կառավարական եւ ընդդիմադիր շրջանակներ իրար կþամբաստանեն։

Ռուսաստան արգելք հանդիսացած էր ՄԱԿի Ապահովութեան Խորհուրդի երեք որոշումներու, որ նպատակ ունէին ճնշում բանեցնել Սուրիոյ նախագահ Պաշար Ալ Ասատի վրայ։ Ըստ Մոսկուայի պաշտօնական դիրքին՝ Ասատի հեռացումը նախագահի պաշտօնէն պէտք չէ խաղաղութեան հաստատման նախապայման նկատուի։