Երէկ Հինգշաբթի, Յունուար 10ին, ֆրանսական ոստիկանութիւնը արեւելեան Փարիզի քրտական կեդրոնի մը գրասենեակին մէջ յայտնաբերեց երեք քիւրտ գործիչներու դիակները:
Ինչպէս կը հաղորդէ ԱՖՓ ֆրանսական լրատու գործակալութիւնը՝ ոճրագործները կրցած են փախուստ տալ: Գործիչներու շարքին են Քիւրտիստանի բանւորական կուսակցութեան հիմնադիրներէն Սաքինէ Ճանսըզ եւ Պրիւքսէլի մէջ հաստատուած Քրտական ազգային քոնկրեսի ներկայացուցիչ Ֆիտան Տողան: Երրորդ զոհն էր Լէյլա Սէօյլէմէզը: Ֆրանսայի ներքին գործոց նախարար Մանուէլ Վալս դէպքին վայրը այցելելով՝ սպանութիւնը «անհանդուրժելի ահաբեկում» որակեց, խոստանալով բացայայտել պատասխանատուները: Ոճիրի բացայայտումէն անմիջապէս ետք, տեղւոյն քիւրտ բնակչութենէն ներկայացուցիչներ բողոքի ցոյց մը կատարեցին գրասենեակին առջեւ՝ պահանջելով խստօրէն պատժել ոճրագործները: