Ինչպէս ծանօթ է, շատեր կը հաւատային աշխարհի կործանման՝ 2012 Դեկտեմբեր 21ին, Մայա քաղաքակրթութեան օրացոյցին այդ թուականին աւարտիլը՝ վերոնշեալին որպէս գուշակում մեկնաբանելով:
Այս շշուկը տարածող աղբիւրները տուած էին նաեւ աշխարհի չորս ծագերուն՝ Հարաւային

Ամերիկայի, Եւրոպայի թէ Ասիոյ մէջ կարգ մը տեղանուններ, որոնք զերծ պիտի մնային ենթադրեալ «կործանումէն»: Ասոնց մաս կը կազմէր Իզմիրի շրջանի Շիրինճէ գիւղը, որ ձեւով մը կը պատկանի ծանօթ լրագրող Սեւան Նշանեանին. ձեւով մը… քանի ինք է, որ տարիներ առաջ այդ գիւղը արդէն փրկած էր իսկական կործանումէ մը, երբ կÿուզէին փլցնել անոր յունական  պատմական տուները, Նշանեան միջամուխ ըլլալով գնած էր անոնց մեծ մասը, վերանորոգել տուած, արձակուրդի տուներու կամ պանդոկներու վերածած ու նշեալ վայրէն սարքած՝ զբօսաշրջական իսկական ոստան մը:
Իսկ այս անգամուան «կործանման» թուականէն շատ առաջ գիւղին պանդոկներուն բոլոր սենեակները վարձուած են արդէն, գիւղացիները բազմաթիւ յուշանուէրներ եւ գինի պատրաստած են այս առթիւ, որոնք ամբողջութեամբ վաճառուած են այդ հարիւրաւոր զբօսաշրջիկներուն: