«Չկայ հայկական արուեստի որեւէ ճիւղ, ուր ընդգրկուած չըլլայ Սասունցի Դաւիթ էպոսի թեման»

Օրեր առաջ անդրադարձած էինք UNESCO-ի Փարիզի կեդրոնատեղիին մէջ որդեգրուած որոշման, ըստ որու համաշխարհային ոչ նիւթական ժառանգրութեան մաս կազմեց «Սասունցի Դաւիթ» էպոսը։ 


UNESCOին ներկայացուած դիմումի հեղինակ, Մշակոյթի նախարարութեան աշխատակից Երանուհի Մարգարեանը դիտել կուտայ թէ չկայ հայկական արուեստի որեւէ ճիւղ, ուր անդրադարձ չըլլայ էպոսի թեմային շուրջ, հետեւաբար նախարարութիւնը իր դիմումին մէջ ընդգրկած էր էպոսի տարբեր դրսեւորումները՝ երաժշտութենէն մինչեւ քանդակագործութիւն:
2003 թուականին ՄԱԿ-ի ընդունած ոչ նիւթական մշակութային ժառանգութեան մասին համաձայնագրին միանալէ յետոյ Հայաստանը տարբեր տարիներու ընթացքին UNESCOին դիմած է երեք տարբեր պարագաներու.-
2005-ին ներկայցուած է «Դուդուկը եւ դրա երաժշտութիւնը»,
2009-ին «Խաչքարի խորհուրդը եւ խաչքարագործութիւնը»,
2012-ին «Սասունցի Դաւիթ» էպոսը։
Երեք դիմումներն ալ ընդունուած են, այսպէս հայկական արուեստի երեք տիտաններն ալ ներառնուած են համաշխարհային ժառանգութեան ցանկին մէջ։
ԵՊՀ մշակութաբանութեան ամպիոնի վարիչ Համլեթ Պետրոսեանը իր կարգին, անդրադառնալով որոշումի կարեւորութեան, շեշտեց թէ ընդհանրապէս այսպիսի ցուցակներու մէջ ընդգրկուելու գործընթացի հիմնական սկզբունքը՝ հրապարակայնութիւնն է։ Բացի հպարտութեան զգացումներէն, նման որոշումներ եւ հռչակագրեր մարդոց ուշադրութիւնը կը կեդրոնացնեն յուշարձաններուն վրայ եւ աւելի զգայուն ու գուրգուրոտ կը դարձնեն անոնց վերաբերմունքը անոնք պաշտպանելու եւ աւելի արդիւնաւոր ձեւով օգտագործելու առումով։

Ատրպէյճանն ալ այս տարի դիմում ներկայացուցած էր թառի ճանաչման համար

Այս տարի նոյն ցանկին մէջ ընդգրկուելու 70է աւելի դիմումներ կային, անոնց շարքին նաեւ Ատրպէյճանի կողմէ ներկայացուած՝ թառի ճանաչման մասին դիմումը։ UNESCOն հաստատած է դիմումը, սակայն հնարաւորութիւն տուած է այն ազգերուն, որոնք իրենց մշակոյթին մէջ ունին թառի օգտագործումը, որպէսզի միանան այս գործընթացին։ Ասկէ ետք այսինքն թառը կրնայ ճանչցուիլ որպէս բազմազգ մշակոյթի ժառանգութիւն, այլ ոչ թէ յատուկ Ատրպէյճանի։ UNESCO կը նշէ թէ որեւէ ձեւով պատասխանատուութիւն չի ստանձներ ճանչցուած որեւէ արժէքի նկատմամբ, այլ իւրաքանչիւր ազգ ինք պատասխանատու է իր արժէքը պահպանելու գործին մէջ։
Նշենք, որ 2013ին UNESCOի ոչ նիւթական մշակոյթի պահպանման նուիրուած միջկառավարական կոմիտէի նիստը հաւանական է Պաքուի մէջ հրաւիրել։ Իւրաքանչիւր տարի նիստը կը գումարուի վեց աշխարհագրական գօտիներէն մէկու մէջ։ 2013ին պէտք է Արեւելեան Եւրոպայի մէջ տեղի ունենայ, սակայն բացի Ատրպէյճանէն, որեւէ այլ երկիր դիմում չէ ներկայացուցած։