Կիւթէնպէրկի գրատապագրութեան գիւտէն վերջ, 1512 թուականին Յակոբ Մեղապարտ, Վենետիկի մէջ տպագրեց առաջին հայերէն գիրքը, հետեւաբար Հայ աշխարհը  վերյիշելով հայ կեանքի այս անկիւնադարձային եղելութիւնը այս տարի կը տօնէ նաեւ Հայ Գրատպագրութեան  500.ամեակը:


Գերմանիոյ Հայ համայնքներուն կողմէ, զանազան քաղաքներու մէջ հայ մշակոյթը հասարակութեան ծանօթացնելու նպատակաւ  հարուստ ու բազմապիսի մշակոյթային միջոցառումներու շարք կազմակերպուած է:
«Գերմանիոյ Մէջ Հայ Մշակոյթի Օրեր» ընդհանուր խորագրով ձեռնարկներուն ներկայ եղան  բազմաթիւն քաղաքական, եկեղեցական, մշակոյթի գործիչներ,մտաւորականներ, հայ Համայնքայիններ ու Գերմանական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ ու հիւրեր:
Այս ձեռնարկներուն առաջինը տեղի ունեցաւ Ախըն քաղաքի մէջ,որը կազմակերպուած էր, Ռազմիկ Աւագեանի նախագահութեամբ Ախըն Հայ համայնքի կողմէ:Այս շրջագիծի մէջ, յայտագիրը   բացուեցաւ Արտակ Ոսկանեանի ղեկավարութեամբ Քէօլնի Հայ Համայնքի երգչախումբի երաժշտութիւնով եւ շարունակեց  Տիգրան Սարգիսեանի «Հայ Գեղանկարչութիւն եւ Քանդակագործութիւն»  անուն ցուցահանդէսով: Ախընի յայտագիրը իր աւարտին հասաւ հայ պարի եւ երգի  խումբի «Հայ Պար» ներկայացումով:
Ապա, Քէօլնի մէջ տեղի ունեցաւ Սիլվա Կապուտիկեան Մշակոյթային Միութեան կողմէ կազմակերպուած «Զանգակներ» Հայ մանկանց թատրոն, երգի, պարի  խումբի ներկայացումով:
Գերմանիոյ Հայոց Առաջնորդարանի հրաւէրով, Պոլիսէն Գերմանիա եկած Պոլսոյ Սբ.Երրորդութիւն եկեղեցւոյ դպրաց դասը ղեկկավար Չալկըճեանի խմբավարութեամբ, որ  համերգով մը հանդէս գալով ներկաներուն հայ եկեղեցական ու աշխարհական երաժշտութիւններէ  ընտիր նմոյշներ ներկայացուց:
Յաջորդեց Ֆրանքֆուրթ քաղաքի մէջ  Գերմանիոյ Հայ Ուսանողներու Միութեան եւ համայնքի  համագործակցութեամբ կազմակերպուած «Հայ Երիտասարդ Երաժշտներու Նուագահանդէսը», ուր իրենց  դաշնակներով ելոյթ ունեցան  Դաւիթ Թանօեան, Աստղիկ Պէկլերեան, Տիանա Սահակեան, Լուսինէ Խաչատուրեան:
Հայաստանի Գեղարդ Վանքի եւ Գերմանիոյ Լօրշ քաղաքի վանքերու բարեկամութեան 10-ամեակի տօնակատարութեան առիթով Գերմանիայ հրաւիրուող Գեղարդ վանքի կանանց երգչախումբը, անուանի երգեհան Ռոպերդ Ամիրխանեանի, մենակատարուհի Սեդա Ամիր-Գարաեանի մասնակցութեամբ  Պէնսհայմ քաղաքի մէջ յոբելենական  համերգ ունեցաւ  նուիրուած՝ Հայ գրատութեան  500-ամեակին:
Ապա, Հանաուի հայ համայնքի սրահներուն մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի «Նարեկացի» հայ երիտասարդներու համոյթը: