Բերիոյ Թեմի Ազգային առաջնորդարանի բանբեր Ժիրայր Ռէյիսեան յայտնած է, թէ հակառակ ժամանակէ մը ի վեր համեմատաբար հանդարտ նոյն իրավիճակի շարունակութեան,

երէկ կէսօրէ ետք 3 հրասանդի հրթիռներ պայթեցան Նոր Գիւղի շրջանին մէջ՝ պատճառ դառնալով 2 վիրաւորներու, որոնք անմիջապէս փոխադրուեցան հիւանդանոց՝ դրուելով բժշկական խնամքի տակ։ Քանի մը բնակարաններու մէջ արձանագրուեցան նիւթական վնասներ։