Երուսաղէմէն ստացուած հաղորդագրութենէ մը կը տեղեկացուի, թէ վախճանեալ Թորգոմ պատրիարքի յաջորդը պիտի ընտրուի 23-25 Յունուար 2013ին:


Ամբողջ հայաշխարհի ուշադրութիւնը ներկայիս կը սկսի կեդրոնանալ Երուսաղէմի վրայ, ուր նոր պատրիարքի մը ընտրութիւնը միշտ պատմական զարգացում կը նկատուի եւ իր անդրադարձը կ'ունենայ Հայաստանեայց եկեղեցւոյ ընդհանուր համայնապատկերէն ներս:
Հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի թէ հայութեան մաղթանքն է, որ նոր պատրիարքի ընտրութիւնը կատաորւի համերաշխ եւ կանոնաւոր մթնոլորտի մէջ եւ ընտրուի արժանաւորը, որպէսզի լեցնէ Թորգոմ պատրիարքէն պարպուած Սուրբ Աթոռը:
Ստորեւ հաղորդագրութեան բնագիրը.-
«Այսու կը ծանուցանենք, թէ Երուսաղէմի հայոց պատրիարքութեան տնօրէն ժողովը իր 38րդ նիստին մէջ, նախագահութեամբ Ս. Աթոռիս պատրիարքական տեղապահ՝ Տ. Արիս արք. Շիրվանեանի, որոշեց ընդհանուր միաբանական ժողով գումարել 2013 թուականի Յունուար 23-25 օրերուն, ընտրելու համար նոր պատրիարք մը, որպէս յաջորդ հոգելոյս Տ. Թորգոմ արք. Մանուկեանին, որուն վախճանումով Ս. Աթոռը թափուր մնացած է:
Կը յուսանք, որ ընտրութեան աշխատանքները յաջողութեամբ կ'ընթանան եւ Երուսաղէմի Ս. Աթոռը կ'ունենայ իր արժանընտիր գահակալը: Առ այդ աղօթող ենք որ Աստուած բարին տնօրինէ»:
Անշուշտ յայտնի է, թէ դժուարին նոր փուլ մը կը բոլորէ Երուսաղէմի Առաքելական հայոց պատրիարքութիւնը։   Ինչպէս ամէն հայ քրիստոնեայ գիտէ, Սուրբ քաղաքին չորս կալուածատէրերէն մէկն է Հայոց պատրիարքութիւնը, մինչ Սուրբ Յարութեան Տաճարին մէջ Հայաստանեայց եկեղեցին ունի համահաւասար իրաւունք Հռոմի կաթողիկէ եւ Յոյն Ուղղափառ եկեղեցիներուն հետ։  Ու այս սահմանուած է դեռ առաջին դարէն եւ վերահաստատուած՝  Խաչակիրներով, Սալահետտինով, Օսմանեան կայսրութեամբ եւ Յորդանանեան Հաշիմական թագաւորութեամբ ու Իսրայէլեան պետութեամբ։
1967-ի արաբ-իսրայէլեան պատերազմէն ետք, միշտ լարուած վիճակ կայ ոչ  միայն մեր Սուրբ Աթոռի, այլեւ՝ քրիստոնեայ մեր միւս յարանուանական քոյր եկեղեցիներուն, եւ  ընդհանրապէս պաղեստինցի ժողովուրդին հետ։ Լարուած վիճակ կը ստեղծուի շատ անգամ տօնական օրերու առիթով, երբ հայ եւ յոյն հոգեւորականներու միջեւ բախումներ եւ տարակարծութիւններ կը ծագին, որ մեծ աղմուկ կը յառաջացնեն Յունաստանի ընկերութենէն ներս: 
Նշենք, թէ Հայաստանէն դուրս, արտասահմանի ամենէն կարեւոր ազգային հարստութիւներէն է, որ ունինք Երուսաղէմի մէջ,  մատենադարանով, գրադարանով, հնադարեան մասունքներով,  եւ որուն պահակներն են Սրբոց Յակոբեանց միաբանութեան զինուորեալ հոգեւորականները՝ այսօր անոնց թիւը  37ի կը հասնի։ Անոնցմէ ամէնէն տարէցը՝  Ռազմիկ վրդ. Պօղոսեանն է (ծնած Ամման 1927ին) եւ ամէնէն երիտասարդը՝  Եղիշէ  աբղ. Դաւթեան (ծնած 1983ին Էջմիածին)։  Միաբանութիւնը ունի 9 արքեպիսկոպոս։  Լուսարարապետն է Նուրհան արք. Մանուկեան, որ անցնող քանի մը տարիներուն պատրիարք Սրբազան հօր հիւանդութեան պատճառով կը տանէր նաեւ օգնականի աշխատանքը։