5-է աւելի համաձայնագիրներու ստորագրում

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին այսօր Թուրքիա կ’այցելէ. նախագահի օգնական Եուրի Ուշաքովի  լրագրողներուն փոխանցած տեղեկութիւններուն համաձայն՝

«այցելութեան ընթացքին պիտի քննարկուին Սուրիոյ տագնապի լուծման եւ Կազայի մէջ տիրող կացութեան վերաբերող հարցեր»: Այս մասին կը յայտնէ «Թուտէյզ Զաման»-ը։
Ուշաքով նշած է, որ «Փութին Թուրքիա կ՛այցելէ ընդառաջելով Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հրաւէրին եւ պիտի մասնակցի ռուս-թրքական համագործակցութեան բարձրաստիճան խորհուրդի 3-րդ  ժողովին», նշելով թէ «ռուս-թրքական քաղաքական երկխօսութիւնը կանոնաւոր եւ աշխուժ բնոյթ ունի»: Ան ըսաւ, որ քըննարկումներուն ընթացքին պիտի արծարծուին նաեւ շարք մը միջազգային եւ շըրջանային անմիջական հարցեր, ներառեալ՝ միջինարեւելեան տագնապի լուծման  խնդիրը:
Փութին պիտի այցելէ Պոլիս, ուր պիտի մասնակցի Ռազմավարական համագործակցութեան գերագոյն խորհուրդի նիստին: Իր միօրեայ այցելութեան ընթացքին ան  հանդիպում պիտի ունենայ Թուրքիոյ նախագահ Ապտիւլլա Կիւլի հետ:
Ըստ նախնական տուեալներու, Փութինի այցելութեան ծիրին մէջ տնտեսութեան, մշակոյթի եւ ելեւմուտքի  մարզերուն վերաբերող  հինգէ ա- ւելի համաձայնագիրներ պիտի ստորագրուին:
Փութին եւ Էրտողան միացեալ մամլոյ ասուլիս մը պիտի տան, ինչպէս նաեւ 70 գործարարներու հետ պիտի մասնակցին պաշտօնական ընթրիքի մը, որ պիտի սարքուի ռուսական «Սպերպանք» դրամատան կողմէ թրքական «Տենիզպանք» դրամատունը   գնելու առիթով:
Թրքական օրաթերթը կ՛ընդ- գծէ թէ այցելութեան հիմնական նպատակը առեւտուրի, տնտեսութեան, ելեւմուտքի եւ ուժանիւթի մատակարարման հարցերուն մէջ համագործակցութեան ամրապնդումն է: