Երէկ ուշ գիշերին ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովին մէջ կատարուած քուէարկութեան իբրեւ արդիւնք՝ Պաղեստինը դարձաւ ՄԱԿ-ի ոչ անդամ դէտի կարգավիճակով պետութիւն: Որոշումին թեր քուէարկեցին 138 երկիրներ, դէմ՝ 8, իսկ ձեռնպահ՝  41:


Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպաս ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովին առջեւ խօսք արտասանելով ըսաւ. «Մենք համոզ-ւած ենք, որ միջազգային ընտանիքը երկու պետութեամբ լուծումը փրկելու վերջին առիթին առջեւ կը կանգնի… Պաղեստինցի ժողովուրդը կը շարունակէ խաղաղութեան հաւատալ»: