Լիբանանի մէջ կը շարունակուի Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի գլխաւորած պատուիրակութեան եռօրեայ պաշտօնական այցելութիւնը:
Նախագահական պատուիրակութեան մաս կը կազմեն արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան, սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան, կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Արմէն Աշոտեան, մշակոյթի նախարար Յասմիկ Պօղոսեան, նախագահական անձնակազմի ղեկավար Վիգէն Սարգսեան, Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Աշոտ Քոչարեան, Հայաստանի արտակարգ լիազօրութիւններով դեսպան Լեւոն Սարգսեան, Մարտին Սարգսեան, նախագահ Սարգսեանի տեղեկատու գրասենեակի քարտուղար Արմէն Արզումանեան եւ արտաքին յարաբերութեանց բաժանմունքի նախագահ Արտակ Ապիտոնեան:
Երէկ առաւօտուն տեղի ունեցաւ Լիբանանի հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի հետ ՀՀ նախագահի հանդիպումը: Նախագահներ Սլէյման եւ Սարգսեան դեսպաններու դահլիճին մէջ ունեցան դռնփակ հանդիպում մը, որուն ընթացքին քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւններն ու գործակցութիւնը եւ զանոնք բարելաւելու հեռանկարները:
Ապա նախագահներ Սերժ Սարգսեան եւ Միշել Սլէյման ուղղուեցան կառավարութեան ժողովի դահլիճը, ուր անոնց միացան հայկական պաշտօնական պատուիրակութիւնն ու լիբանանեան պատուիրակութիւնը: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան հայաստանեան-լիբանանեան յարաբերութիւնները եւ փոխադարձ գործակցութեան բարելաւման քայլերը:
Ընդարձակ հանդիպումին ընթացքին ստորագրուեցան երկու համաձայնագիրներ, որոնցմէ առաջինը կը վերաբերի Հայաստանի եւ Լիբանանի միջեւ այցեգիրի դրութեան ջնջումին, իսկ երկրորդը՝ երկու երկիրներուն միջեւ բարձրագոյն վկայականներու փոխադարձ ճանաչումին:
Մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Լիբանանի նախագահը յայտնեց, որ նախագահ Սարգսեանի ներկայացուցած է Լիբանանի մէջ ապահովական կայունութիւնը ամրապնդելու եւ երկրին մէջ ազգային երկխօսութիւնը շարունակելու ջանքերը:
«Լիբանան կը զօրակցի Հայաստանի անկախութեան եւ գերիշխանութեան, ինչպէս նաեւ Անդրկովկասի մէջ տագնապներուն քաղաքական լուծման, յատկապէս Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին խաղաղ լուծման», ըսաւ նախագահ Սլէյման ու շեշտեց, որ լիբանանցիները հպարտ են լիբանանահայութեան կողմէ երկրին քաղաքական, տնտեսական, ընկերային եւ մշակութային կեանքին մէջ ցուցաբերուած էական օժանդակութեամբ, ինչպէս նաեւ այն դերակատարութեամբ, որուն ընդմէջէն անոնք Լիբանանի եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւնները ամրապնդելու իմաստով ճիգ չեն խնայեր:
Նախագահ Սարգսեան շեշտեց, որ Հայաստան խիստ մտահոգուած է Սուրիոյ մէջ տիրող կացութեամբ եւ հոն ապրող հայութեան ճակատագիրով: «Սուրիոյ ժողովուրդը ամէնէն ծանր պայմաններուն գրկաբաց ընդունած է հազարաւոր հայեր, եւ Սուրիոյ ցաւը‘ մեր ցաւն է», ընդգծեց նախագահ Սարգսեան:
Իր այցելութեան ծիրէն ներս նախագահ Սարգսեան բազմապիսի հանդիպումներ ունեցած է: Ան Անթիլիասի մէջ տեսակցութիւն ունեցած է Արամ Ա. վեհափառի հետ, որ ՀՀ նախագահը պարգեւատրած է Կիլիկեան «Մեծ Խաչի» շքանշանով: