Բերիոյ  թեմի  բանբերի վկայութեամբ՝ այս օրերու ամէնամեծ խնդիրը Հալէպի մէջ, վառելանիւթի բացակայութիւնն է

«Ազատություն» ռատիոկայանի հետ հեռախօսային զրոյցի ընթացքին, Բերիոյ թեմի մամլոյ բանբեր Ժիրայր Ռէյիսեան յայտնած է թէ հայկական համայնքի բարդ խնդիրներուն վրայ աւելցած է հատ մը եւս՝ ջեռուցման հարցը:

Հալէպի մէջ վառելանիւթ չկայ, բնակչութիւնը կանգնեցուցած ըլլալով յաւելեալ խնդիրներու առջեւ:
«Կարիքները բազմատեսակ են։ Ամենամեծ խնդիրը յառաջիկայ օրերուն ջեռուցման դժուարութիւնն է, մազութի, վառելանիւթի, որ այս օրերուն գրեթէ  գոյութիւն չունի։ Դժուարութիւն է նոյնիսկ եփելու կազը գտնելը», - ըսած է Ռէյիսեան:
Հալէպի մէջ բնակարանները կը ջեռուցւէին մազութով: Ռէյիսեան ըսած է թէ վառելանիւթ չկայ, իսկ խոհանոցին մէջ օգտագործուող վառելիքի գինը՝ մօտ 6 անգամով սուղցած է:
Ռէյիսեան հաստատած է նաեւ թէ մէկ օր առաջ ազատ արձակուած է  հալեպահայ բեմադրիչ Աւօ Գաբրիէլեանը:

«Սուրիոյ Մէջ Առեւանգումները Դարձած են Շահոյթի
Հիմնական Աղբիւր» կ'ըսէ BBC

Հակամարտութեան հետեւանքով գրանցուած են Սուրիոյ մէջ առեւանգումներու մեծ թիւով միջադէպեր: Այս մասին կը յայտնէ BBC-ն: «Նկատի առնելով այն, որ Սուրիոյ ընդդիմութեան եւ կառավարութեան միջեւ բախումները կը շարունակուին, տնտեսական պայքարի մթնոլորտի մէջ առեւանգումները դարձած են շահոյթի հիմնական աղբիւր: Սուրիոյ մէջ անհետացումները դարձած են ապրելակերպ»: